ԱՆՀԱՂՈՐԴ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Մարսէյլէն վերադարձաւ քաղաքս եւ այս օրերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի արարողութիւններուն։ Այս առաւօտ ան Ընթրեաց Ս. Պատարագ մատոյց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքս վերադառնալէ առաջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պոլսահայ մամլոյ եւ հասարակութեան ուշադրութեան ներկայացուցած էր նամակ մը, որուն ածանցուած ձեւով հրապարակած էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ իրեն ներկայացուած համաձայնութեան նախագծին բովանդակութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը այդ նամակի բովանդակութեան մէջ տեղեկացուցած էր, որ վերջնականօրէն կը մերժէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութեան նախագիծը։
Այս կապակցութեամբ կարծիքը շօշափեցինք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ այս առաւօտ Ընթրեաց Ս. Պատարագը մատոյց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը ցաւ յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման տեսակէտէ առիթ մը մսխուած էր։ Անդրադառնալով Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նամակի բովանդակութեան մանրամասնութիւններուն՝ ընդհանուր փոխանորդը յայտնեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ժամադրուելու ատեն ինք բացայայտօրէն նշած էր, թէ գրաւոր առաջարկի մը տեսքով համաձայնութեան նախագիծ մը պիտի ներկայացնէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին։ Դժբախտաբար, ընտրեալ-տեղապահը կը նախընտրէ այս հանգամանքը անտեսել իր վերջին յայտարարութիւններուն մէջ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեկնաբանեց նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այն դիտարկումը, թէ ինք կը փորձէ օրինականացնել պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն չհրաժարելու յամառութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի խօսքերով, ցաւալի է՝ որ այդպիսի անձնական յամառութիւններու տեսքով մեր ժողովուրդին կը մատուցուի առկայ փակուղին, ինչ որ բնականաբար կը դժուարացնէ անոր յաղթահարումը։ «Մենք կը փորձենք հասնիլ մեր եկեղեցական իրաւունքի եւ պետութեան սպասումներու համադրութեան։ Այս նոյն նպատակով պատրաստած էինք այն համաձայնութեան նախագիծը, որ մերժուեցաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։ Այդ համաձայնութեան նպատակներէն մին էր նաեւ մեր Եկեղեցականաց համագումարի հեղինակութեան բարձր պահուիլը։ Եթէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան համաձայնէր ընդառաջ երթալ այդ նախագծին, ապա մենք մեր միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ նոր քայլեր առնելու հնարաւորութիւնն ալ կրնայինք ունենալ։ Այդպիսի համաձայնութեան մը նորութեան վրայ, շօշափելի լուծման արդիւնքը տեղեկացնելու համար պիտի փորձէինք հերթական անգամ միասնաբար ներկայանալ Իսթանպուլի Կուսակալութեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ պիտի աջակցէր մեզի։ Այսպէսով ես պիտի կարենայի անձամբ պատկան իշխանութիւններուն ներկայացնել ընտրեալ-տեղապահը, ինչ որ երաշխիք մը պիտի ըլլար իր գործունէութեան հեռանկարին եւ պաշտօնական մարմիններու կողմէ ապագայ ընկալման տեսակէտէ։ Այս բոլոր նրբութիւնները արդէն բացատրած ենք, սակայն դժբախտաբար չկրցանք ունենալ դրական արդիւնք մը։ Հետեւաբար, պաշտօնէ չհրաժարելու հարցին շուրջ ինծի վերագրուած յամառութիւնն ու այս հանգամանքին անվերջ կրկնութիւնը՝ առկայ դժուարին իրավիճակին մէջ մեր մօտ կը ստեղծէ լրջութեան պակասի տպաւորութիւն», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։