ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

Ե­րեք­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րուած՝ սի­րով կը դի­մա­ւո­րէր իր Զատ­կի հիւ­րե­րը: Սրա­հին պա­տու­հան­նե­րուն փակ­ցուած, ա­ռաս­տա­ղէն կա­խուած էին ման­կա­պար­տէ­զի տղոց ձե­ռա­յին աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը՝ ճու­տիկ­ներ, նա­պաս­տակ­ներ, ստեպ­ղին­ներ և գոյնզ­գոյն հաւ­կիթ­ներ: Այս բո­լո­րը նախ­քան հան­դի­սու­թեան սկսի­լը՝ ար­դէն իսկ սրա­հին մէջ կը ստեղ­ծէին Զատ­կի ու­րախ մթնո­լոր­տը: Իսկ բե­մին խոր­քը կա­խուած վա­րա­գոյ­րին վրայ դէմ դի­մաց կանգ­նած եր­կու հա­ւիկ­նե­րը ի­րենց ար­տա­կարգ գրաւ­չու­թեամբ աչք կը քթթէին հան­դի­սա­կան­նե­րուն:

Եւ վեր­ջա­պէս սկիզբ ա­ռաւ հան­դէ­սը: Փոք­րիկ­նե­րը նախ ներ­կա­յա­ցու­ցին լուս­նին եւ աստ­ղե­րուն պա­րե­րը, չէ՞ որ հան­դէ­սը կը բա­ցուէր գի­շե­րա­յին տե­սա­րա­նով մը: Վրայ հա­սան ա­ռա­ւօ­տեան ա­ռա­ջին շո­ղե­րը եւ ան­շուշտ ար­շա­լոյ­սին հետ լսուե­ցաւ աք­լո­րին կան­չը: Աք­լո­րին կան­չին հետ միա­սին բեմ փու­թա­ցին հա­ւիկ­նե­րը եւ սկսաւ հա­ւե­րուն պա­րը, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին հաւ­կիթ­նե­րուն եւ ճու­տիկ­նե­րուն պա­րե­րը: Այս­պէս՝ ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­րե­րով փոք­րիկ­նե­րը հան­դի­սա­տես­նե­րուն աչ­քե­րուն առ­ջեւ պար­զե­ցին բնու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մը: Բե­մին վրայ նկա­րագ­րուած ա­մէն մէկ պատ­կեր կ՚ա­ւե­տէր գա­րու­նը իր ամ­բողջ կեն­սու­նա­կու­թեամբ: Ա­պա տղա­քը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով: Տղա­քը ի­րենց սի­րուն զգեստ­նե­րուն մէջ կա­տա­րե­ցին ար­տա­սա­նու­թիւն­ներ եւ եր­գե­ցին Զատ­կի գողտ­րիկ եր­գեր թէ՛ հա­յե­րէ­նով եւ թէ անգ­լե­րէ­նով:

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին խօսք ա­ռաւ վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Գա­թիա Վար­կը: Ան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն այս մեծ տօ­նը և շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նի ժրա­ջան ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­ներ՝ Ար­շա­լոյս Ուն­ճուի, Սի­պիլ Ա­ւա­գօղ­լուի, Ռե­հան Եա­ղեա­զա­նի, Մե­լի­սա Ի­փեք­լիի, Մա­րալ Կիւլ­պայ­ծա­ռի, Մի­րել­լա Կիւ­լէր Շու­քու­րո­վի, ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Շու­շան Գա­լա­թա­շի եւ անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ի­լո­նա Քիւ­չիւք­րէի­սեա­նի եւ Բո­լին Չան­քա­րի, ո­րոնք միաս­նա­բար պատ­րաս­տած էին սոյն հան­դէ­սը: Պա­րա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն բծախնդ­րօ­րէն հսկած էր վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ռե­հան Եա­ղեա­զան: Իսկ բե­մի բծախն­դիր յար­դա­րան­քը գործն էր վար­ժա­րա­նի գծագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի Հիւ­մէյ­րա Թու­նա­լըի:

Իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց նաեւ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, որ ներ­կա­նե­րուն այս տա­ղա­ւար տօ­նը շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ կա­տա­րուած աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ: Վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ ծ­­նող­նե­րը ձեռք ձեռ­քի տուած էին, որ­պէս­զի ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց այդ փոքր տա­րի­քէն թա­փան­ցեն Ս. Զատ­կի խոր­հուր­դին: Ա­հա­ւա­սիկ այդ սի­րա­սուն զա­ւակ­նե­րը ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով եւ պա­րե­րով կա­տա­րե­լա­պէս իւ­րա­ցու­ցած էին այս մեծ տօ­նին միտքն ու գա­ղա­փա­րը, ապ­րած եւ ապ­րե­ցու­ցած էին Ս. Զատ­կի ո­գին: Այդ փոք­րիկ­նե­րը պի­տի դառ­նա­յին վա­ղուան մե­ծե­րը եւ այդ ո­գին պի­տի փո­խան­ցէին գա­լիք սե­րունդ­նե­րու: Այս­պի­սի հան­դէս­նե­րու, կրօ­նա­կան փո­խան­ցում­նե­րու շնոր­հիւ է, որ պի­տի զօ­րա­նար մատ­ղաշ սե­րուն­դին կա­պը իր ե­կե­ղե­ցիին, իր բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րուն նկատ­մամբ:

 Շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ ետք տղա­քը բարձ­րա­ցան ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը, ուր ա­նոնք բազ­մե­ցան Ծնո­ղաց միւ­թեան կող­մէ ի­րենց հա­մար սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ եւ այ­նու­հան­դերձ սկսաւ հաւկ­թա­մար­տը: Զատ­կի սե­ղա­նին վրայ տեղ գրա­ւած էին նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րուն ի­րենց փոք­րիկ թա­թիկ­նե­րով պատ­րաս­տած ա­նու­շե­ղէն­նե­րը: Կե­րու­խու­մէն ետք փոք­րիկ­նե­րը վա­զե­ցին դէ­պի պար­տէզ, ուր պի­տի կա­տա­րուէր հաւկ­թոր­սը: Զատ­կի նա­պաս­տա­կը՝ Նա­պի­կը նա­խա­պէս պար­տէ­զի խո­տե­րուն, ծա­ռե­րուն, կա­նան­չու­թիւն­նե­րուն մէջ պա­հած էր գու­նա­ւոր հաւ­կիթ­նե­րու տոպ­րակ­ներ: Տղա­քը մեծ ու­շադ­րու­թեամբ հա­ւա­քե­ցին հաւ­կիթ­նե­րը եւ զա­նոնք զե­տե­ղե­ցին ի­րենց կո­ղով­նե­րուն մէջ: Այս հա­ճե­լի խա­ղին ա­ւար­տին պզտիկ­նե­րը յոգ­նած դադ­րած վե­րա­դար­ձան ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը: Մխի­թա­րեան հայ­րեր՝ Մագ. Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան փոք­րիկ­նե­րուն նուի­րե­ցին տուր­մի ծրա­րիկ­ներ: Իսկ վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միւ­թիւն­նե­րը տղա­քը եւ ծ­­նող­նե­րը հիւ­րա­սի­րե­ցին Զատ­կի խմո­րե­ղէն­նե­րով: Իսկ յետ­մի­ջօ­րէին զատ­կուան ո­գե­ւո­րու­թե­նէն ի­րենց բա­ժի­նը ստա­նա­լու կար­գը այս հեղ նա­խակր­թու­թեան, միջ­նա­կար­գի եւ լի­կէո­նի ա­շա­կերտ­նե­րունն էր: Ա­նոնք ալ Ծնո­ղաց միւ­թեան հիւ­րա­սի­րու­թեամբ եւ հաւկ­թա­մար­տով ապ­րե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի զատ­կուան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն մը:

Այս­պէս՝ Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան տօ­նը ան­գամ մը եւս ի­րեն վա­յել շքե­ղու­թեամբ տօ­նուե­ցաւ Բան­կալ­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի մէջ, իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով փոք­րիկ­նե­րը եւ ծ­­նող­նե­րը՝ ա­նոնց սրտե­րուն մէջ ար­ծար­ծե­լով սի­րոյ եւ ու­րա­խու­թեան բա­րի զգա­ցում­նե­րը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017