ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒ ՏԻԵԶԵՐՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ, Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Գումգաբուէն ուղիղ եթերով, ընկերային ցանցերու միջոցաւ սփռուած պատգամ մը յղեց մեր համայնքին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խօսքը։

*

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱԻ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Սուրբ Զատկուան այս լուսաւոր առաւօտուն կ՚ողջունեմ ձեր բոլորը։ Աստուած ձեզի հետ թող ըլլայ։ Ձեր տուներուն մէջ մասնակցեցաք բոլորդ այս արարողութեան։ Դժբախտաբար, փողոց ելլելու արգելքը կայ եւ մենք չենք կրնար պատարագ մատուցանել, սակայն եւ այնպէս, մեր Յարութեան շարականներով եւ Աւետարանի խօսքով պիտի տօնենք Սուրբ Զատիկը։ Տէրը մեզի հետ թող ըլլայ, լուսաւորէ մեր միտքերը, աղօթքի հոգի շնորհէ սա պահուն։ (…) 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։ 

«Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, առանձին կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կու տայ»։

Տէր Յիսուս այս խօսքը, նախ եւ առաջ, իր անձին մասին ըսաւ, որովհետեւ ինքն է այն ցորենի հատիկը, որ հողին մէջ ինկաւ իր խաչելութեամբ, ժայռափոր գերեզմանին մէջ դրուեցաւ եւ ինքն է մեռելներէ յարութիւն առնողներու անդրանիկը։ 

Իրապէս, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սուրբ Զատկուան այս աւետիսը, այս բարի լուրը մեր Տիրոջ եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանէն յարութիւն առնելը պատմութեան ամենէն մեծ աւետիսներէն մէկն է, ամենէն մեծ ուրախ լուրն է։ Իրապէս կրնաք մէկ ցորենի հատիկէն անհուն հունձք ձեռք բերել, կը բաւէ, որ անիկա հողին մէջ ցանուի եւ դուրս ելլէ եւ իր արդիւնքը վերստին ու վերստին ցանուելով միլիառներ, նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը կշտացնելիք ցորենի շտեմարաններ կրնանք ստեղծել։ Այդպէս եղաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը 2000 տարիներ առաջ։ Նայեցէ՛ք, մարդ մը գերեզման դրուեցաւ եւ այդ գերեզմանէն յարութիւն առաւ։ Աշակերտները վկայեցին, հետեւորդները վկայեցին, 40 օր յարութիւն առած ցոյց տուաւ ինքզինք, անոնց հետ նստաւ, կերաւ, խմեց եւ ինքզինք յարութիւն առած ցոյց տուաւ եւ յետոյ ամբողջ աշխարհ ուղարկեց, որպէսզի անոնք այս բարի լուրը աւետեն մարդոց եւ յարուցեալ Փրկչին հետ միացնեն ամբողջ ազգերը մկրտելով զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։ Եւ ահա այդ ցորենի՝ առաջին ցորենի հատիկի արդիւնքներէն մէկն ենք մենք. դուք եւ ես։ 2000 տարիներ յետոյ սերունդներ եկան, հաւատացին, այս հաւատքը պանծացուցին «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» խօսքով, ամբողջ աշխարհը լեցուցին, յետոյ իրենք ալ ինկան հողին մէջ, որպէսզի յարութիւն առնեն իրենց Փրկչին հետ միասին։ Եւ ահա կարգը մերինն է։ Մենք պիտի ցնծանք եւ պիտի ուրախանանք այս մեծ աւետիսով. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ»։ Ի՞նչ է ասոր կարեւորութիւնը։ Եթէ մենք մահը չենք ճանչնար եւ մահուան մեր վրայ գործած կործանումը չենք տեսներ, այն ատեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնն ալ մեզի հեքիաթի պէս կու գայ։ Բայց երբ հասկնանք, որ մահը մեր ամենէն մեծ թշնամին է, մեր ձեռքէն ամէն ինչ կը խլէ, մեզի ոչինչի կը վերածէ, զերոյի կը վերածէ, մեր բոլոր շինածները, մեր բոլոր հաւաքածները կ՚առնէ եւ կը տանի եւ անյայտ ոչնչութեան եւ խաւարին մէջ կը թաղէ մեզ… Մարդը շատ թշնամիներ ունի, սակայն մահուընէ աւելի զօրաւոր եւ աւելի մեծ թշնամի չունի։ Մեր բոլորին դատապարտուած վիճակն է մահը։ Գիտեմ, որ դուք ամէնքդ կը սպասէք բաներու մը։ Կը սպասէք, որ այս քորոնաժահրը անցնի, վերստին մեր գործերուն սկսինք։ Ոմանք ամուսնանալու կը սպասեն, ոմանք համալսարան մտնելու, ոմանք գործ գտնելու, ոմանք ուրիշ երկիր մը երթալու։ Կը սպասենք մենք այս բոլորին։ Բայց գիտէք, այս բոլոր սպասումին մէջ, այս բոլոր սպասումներու առանցքին, իրականութեան մէջ, մենք կը սպասենք մեր մահուան։ Այս աշխարհը ամբողջ մարդկութեան համար մահը սպասելու սենեակ մըն է եւ մենք բաներ մը կը կատարենք մեր ձանձրութիւնը փարատելու համար։ Կը զբաղինք բաներով մը, բայց ի վերջոյ մահը պիտի գայ, իր ժամադրութեան պիտի չուշանայ եւ պիտի առնէ եւ մեզ պիտի տանի իր խաւարին մէջ։ Յետոյ ի՞նչ։ Մենք, որ կեանքը այսքան կը սիրենք, կեանքէն աւելի թանկագին բան չունինք, ինչպէս մեր Տէրը ըսաւ. «Եթէ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր հոգին կորսնցնէ, ի՞նչ շահած պիտի ըլլայ»։ Այսքան թանկագին կեանքը ո՞վ պիտի տայ մեզի վերստին։ Պէտք է անդրադառնանք նախեւառաջ. ո՞վ տուաւ մեզի այս հրաշքը։ Պէտք չէ կարծենք, թէ մենք մեզմէ եղանք, մենք մեզմէ յառաջացանք, արկածով մէջտեղ եկեր ենք եւ արկածով այս էակը կը խօսի, կը մտածէ, կ՚արտադրէ, կը հաւատայ… Արկածով մէջտեղ չենք եկած, արկածով չենք մեռնիր եւ մահն ալ վերջ չէ։ Կեանքը եւ մահը ստեղծող Արարիչը, այդ մեծ ճարտարապետը, ինքը հարկաւ թէ իմաստ մը դրած է նաեւ մահուան մէջ։ Անիկա վերածնունդի, նոր ծնունդի, յարութիւն առնելու սկիզբն է եւ դուռն է։ Յարութիւնը ինչո՞ւ կը դիտենք որպէս տարօրինակ դէպք մը։ Յարութիւնը ոչինչէն վերստին ստեղծել չէ, քնացողի վերստին կեանք գտնելն է։ Յարութիւնը յառնել է, ոտքի կանգնիլն է, քնացողին վերստին արթննալն է։ Եւ ասիկա ալ մեզի մտածել կու տայ, թէ երբ որ մենք կը մեռնինք, հողին մէջ քնացող մը կայ, մեր հոգին, մեր հոգիի սերմը, մենք այսինքն, պարզապէս կը սպասենք արթննալու։ Հրեշտակի փողը երբ որ հնչէ եւ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ Այն Փրկիչը, որ իր մարմնին յարութիւն տուաւ, մեզի ալ խոստացաւ, ըսաւ. «Ես եմ կեանքը եւ յարութիւնը։ Եթէ մէկը ինծի կը հաւատայ, չի մեռնիր, նոյնիսկ հաւատացած պահուն մահուընէ դէպի կեանք անցած է»։ Կեանքի եւ մահուան բանալիները ունի իր ձեռքը եւ ինքը պիտի արթնցնէ մեր հողին մէջ քնացող հոգիները։ Գերեզմանները պիտի բացուին եւ հողը, ծովը, օդը իր մէջ քնացող հոգիները ետ պիտի տան, ետ պիտի բերեն։ Ինչի՞ մասին կը խօսինք. առասպելի՞ մը։ Պատուհանէն դուրս նայէ՛, Աստուած ամէն գարնան կը գործէ այս հրաշքը՝ յարութիւն տալով բնութեան, հողին տակ քնացող սերմերուն կեանք փչելով, քնացող ծառերուն ընձիւղ տալով, բողբոջ, ծաղիկ, պտուղ տալով։ Յարութիւնը Աստուծոյ համար ամենէն բնական հրաշքներէն մէկն է, բայց աչք պէտք է տեսնելու համար։

Հեռատեսիլի մէջ նիւթ մը դիտած էի Քալահարի անապատին մէջ նկարահանուած վաւերագրական մըն էր եւ այս շարժանկարը այդ անապատին մէջ երեսուն տարի յետոյ տեղացած անձրեւը կը ցոլացնէր։ Երեսուն տարի անապատին մէջ անձրեւ չէր եկած եւ իրենք այդ մեռելոտի, ոչ մէկ բոյսի եւ անասունի չապրած այդ մթնոլորտին մէջ կը նկարէին աւազները, լեռները, ձորերը։ Ոչ մէկ կեանք կար, յետոյ անձրեւ կու գար։ Գեղեցիկ անձրեւ մը, յորդառատ անձրեւ մը։ Մի քանի օր յետոյ, շատ չէ, բոլոր այդ մեռած դաշտերը կանաչի վերածուեցան, ծաղիկներ դուրս ելան։ Ուրտեղէ՞ն եկան անոնք յանկարծ։ Անոնք երեսուն տարի առաջ հողին մէջ ինկած այդ հունտերը, սերմերն էին եւ իրենք յարութիւն առին այդ անձրեւով։ Հրա՞շք է։ Հարկաւ թէ հրաշք է։ Ամէն ինչ հրաշք է։ Մեր գոյութիւնը հրաշք է, այս աշխարհը հրաշք է եւ մենք հրաշքներու տիեզերքին մէջ կ՚ապրինք։ Մեր Աստուածը հրաշք է։ Անհաւատալի՞ է յարութիւնը։ Աստուծոյ համար անկարելի ոչինչ կայ։ Աստուած արդէն մեռածին կեանք կու տայ միշտ։ Հողէն առնուեցար եւ հող պիտի վերադառնաս, բայց ինչպէ՞ս հողէն առնուեցանք մենք։ Գիտէք, մենք հող ենք։ Մեր մարմինը կազմող տարրերը հողէն առնուած էլէմենթներ են։ Երեք չորրորդը ջուր է մեր մարմնին, մնացեալը քարպոն է, ազոթ է, ֆոսֆոր է, քալսիում է։ Հաւաքեր են այս բոլոր նիւթերը 70 քիլօնոց 1.70 մեթր հասակով մարդու մը մէջ, այս նիւթերը հաւաքեր են, հաշուեր են, 4.5 տոլար կ՚ընէ։ Այսինքն 4.5 տոլարով կրնաք գնել այս նիւթերը եւ ամանի մը մէջ դնել եւ երեք պատիկ ալ ջուր խառնել անոնց։ Ո՞վ անկէ դուրս պիտի հանէ Սահակ Պատրիարքը։ Կարելի՞ է այս բանը։ Եւ Աստուած կ՚ընէ։ Ամէն ծնած մանկան հետ կ՚ընէ այդ հրաշքը։ Մեր աչքերուն առջեւ է անիկա։ Մենք բոլորս մէկ բջիջէն յառաջացանք, այս հանճարը, այս տիեզերական միտքը, որ ոչինչէն, հողէն մարդը կը ստեղծէ, հարկաւ թէ մեր ննջած հոգիներուն վերստին կեանք պիտի տայ։ Հետեւաբար մի՛ տխրիր։ Երբ որ հորիզոնին նայիս, հարկաւ, թէ յոյս պիտի տեսնես, բայց ինչ որ յոյս տեսնես այս աշխահի վերաբերեալ պիտի անցնի ի վերջոյ եւ դէմ յանդիման պիտի մնաս քու ճակատագրիդ հետ։ Մահուան հետ ժամադրութիւն ունիս։ Մտիր կեանքիդ մէջ խաչակնքելով, ինչպէս որ այսօր կ՚ընես։ Այսօր յայտարարէ, ըսէ, որ կեանքը եւ մահը, մահը եւ յարութիւնը ինծի համար Քրիստոսն է։ Ոչ թէ ես, բայց Քրիստոս կ՚ապրի իմ մէջս, մկրտուեցայ, անոր ժառանգակից դարձայ, Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան, խաչին վրայ իմ բոլոր մեղքերս ինքը կրեց եւ վճարեց եւ հիմա ազատ եմ ես, ազատ եմ ապրելու, ազատ եմ յարութիւն առնելու, ազատ եմ իմ երկնաւոր հօր հետ յաւիտեանս յաւիտենից ապրելու։ Այս է Սուրբ Զատկուան յարութիւնը, որ պէտք է մեր սիրտերը լեցնէ։ 

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։ 

Այս ուրախութեամբ կատարեցէք այս տօնը, ձեր տուներուն մէջ սարքեցէք Զատկուան սեղանները, ներկեցէք հաւկիթները, լեցուցէք անուշ գինին եւ ըսէք կենաց. Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։ Որովհետեւ, սիրելիներ, պէտք է ուրախանանք այսօր, որովհետեւ Աստուած այդ մեծ շնորհը ըրաւ մեզի համար եւ յարութեան ուժը այս աշխահին վրայ է, պէտք է մենք անոր մասնակից դառնանք այս տօնի առիթով։ 

Կը շնորհաւորեմ ձեր Սուրբ Զատիկը, ձեր Յարութեան տօնը, մեր բոլոր համայնքային մարմինները, մեր թաղային խորհուրդները, մեր վարժարանները իրենց տնօրէններով, ուսուցչական կազմով եւ աշակերտներով, տիկնանց եւ աղքատախնամ մարմինները, հայ մամուլը եւ իր աշխատաւորները եւ մեր ազգի բոլոր զաւակները։ Տէրը օրհնէ ձեզ Սուրբ Յարութեան տօնի թարմութիւնը եւ ուժը մտնէ ձեր մարմնին մէջ եւ հաւատացէք, որ այդ ուժը ձեր ամենէն մեծ վահանը պիտի ըլլայ բոլոր հիւանդութիւններուն եւ բոլոր վարակումներուն դէմ։ 

Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ 

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020