ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԵԼՈՅԹ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ող­ջու­նեց՝ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս ե­ղա­նա­կին կազ­մա­կեր­պուած պա­լէի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կան հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։ Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Փեհ­լի­վան եւ դա­սըն­թաց­քի պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րին Մար­տի­կեան ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին հան­դէս ե­կան ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով։ Ներ­կայ էր նաեւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ։ Փոք­րիկ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը ըն­կա­լուե­ցան հե­տաքրք­րու­թեամբ ու գնա­հա­տան­քով։ Կա­րին Մար­տի­կեա­նին յանձ­նուե­ցաւ յու­շա­նուէր մը։ Միու­թեան վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տին ըն­դու­նե­լու­թիւ­նով մը մե­ծա­րեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017