ԿԱՊԻ ԿԱԼՈՅԵԱՆԻ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱԽԱՐԴԵՑԻՆ «ՄԱՐԱԼ»Ի 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան քառասնամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի «Intercontinental» պանդոկին մէջ։ Այս հաւաքոյթը երաժշտական իսկական խնջոյքի մը վերածուեցաւ։ Արդարեւ, ձեռնարկին համար Հայաստանէն քաղաքս հրաւիրուած էր հայկական արդի երաժշտութեան յայտնի եւ համակրելի մեներգչուհիներէն Կապի Կալոյեան, որ իր կատարումներով կախարդեց ունկնդիրները։ Ան խոր տպաւորութիւն գործեց պոլսահայ երաժշտասէրներուն վրայ, որոնց համար դարձաւ անմոռանալի։ «Մարալ»ի քառասնամեակի ընթրիքը պատուեցին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Շաբաթ երեկոյեան ժամերուն «Մարալ»ի քառասնամեակի շքեղ ընթրիքը համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր։ Սա ո՛չ միայն առիթ մըն էր արժեւորելու համար համոյթի անցեալը, այլեւ հնարաւորութիւն մը՝ տօնախմբելու համար անոր լուսաւոր ապագան։ Յիրաւի, համոյթը այսօր այնպիսի մակարդակի մը հասած է, որ լուրջ նախադրեալներ ունի երաշխաւորելու համար իր առաքելութեան շարունակականութիւնը։ Մասնաւորապէս հայերէնի վերաբերեալ լուրջ խնդիրներու մթնոլորտին մէջ, «Մարալ»ի տեսած գործը ունի էական նշանակութիւն, որովհետեւ լեզուէ յարաբերաբար անկախ գեղար-ւեստական ճիւղի մը միջոցաւ այս համոյթը երիտասարդներուն համար հայկական մշակոյթին հաղորդ դառնալու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ։ «Մարալ»ի խորհրդանշած աւանդութիւնն ալ այս առումով ունի լուրջ նշանակութիւն։ Յոբելենական ձեռնարկի ընթացքին վերյիշուեցան համոյթի հիմնադիր Պենոն Գուզուպաշն ու միւս բոլոր երախտաշատ անունները։ Իսկ այսօր, գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան եւ գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքան պատուով կը կրեն համոյթի չորս տասնամեակ առաջ վառուած բոցաւոր ջահը։ Կարճ խօսքով, «Մարալ»ի յոբելեանը միայն անցեալի նկատմամբ երախտագիտութիւն յայտնելու առիթ մը չէր, այլ նաեւ՝ մեր համայնքէ ներս երիտասարդաց առաքելութեան ապագայի թիրախները ողջունելու անկրկնելի առիթ մը։

Յոբելենական ընթրիքի յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Էդգար Իգիթեանի, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Տիւլկէրեանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը՝ յիշեցնելով, որ 5-25 տարեկան 195 պատանիներ եւ երիտասարդներ ներգրաւուած են «Մարալ»ի աշխատանքներուն։

«Մարալ»ի ընտանիքը քառասնամեակի ընթրիքին ժամանակ բիւր յարգանքով ու երախտագիտութեամբ վերյիշեց իր բոլոր հովանաւորներն ու բարերարները, որոնց զօրակցութիւնը ունի չափազանց նշանակութիւն։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլին, Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Հայկ Ասլանեանի, Իրմա Փոլատի, Սելմա Իսկէնտէրէօզի, Եդքին Պէրպէրօղլուի, Վազգէն Պարընի, Կարպիս Ունանի, Արման Ֆիքրիի, Իսկէնտէր Շահինկէօզի, Ստեփան Պալըքի եւ Նուրի Պալի համար։

Բացի հովանաւորներէն, «Մարալ»ի ընտանիքը յուշանուէրներ պատրաստած էր պոլսահայ մամուլին համար՝ հաշուի առնելով, որ համայնքային մամուլը միշտ լայն կը բանայ իր սիւնակները համոյթի գործունէութեան լուսաբանման նպատակով եւ այս հանգամանքն ալ կարեւոր խրախոյս մը կը համարուի արձանագրուած յաջողութիւններուն տեսակէտէ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար պատրաստուած յուշանուէրը գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի ձեռամբ ստացաւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ «Մարմարա» օրաթերթի համար պատրաստուած յուշանուէրը ստացաւ փոխ-խմբագրապետուհի Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի յուշանուէրը յանձնուեցաւ գլխաւոր խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանին։ «Փարոս» ամսագրի յուշանուէրը յանձնուեցաւ գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսին։ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի յուշանուէրն ալ ստացաւ արտօնատէր Արամ Քուրան։ Յուշանուէրներու յանձնումէն վերջ Իրիս եւ Կարպիս Չափքան ամոլը միացան համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն՝ եւ բեմին վրայ տեղի ունեցաւ նկարահանում։

Երեկոյթի ողջ տեւողութեան գործադրուած երաժշտական յայտագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ հայկական գործերէ բաղկացած էր։ Խանդավառ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատուեցաւ նաեւ քառասնամեակի կարկանդակը։

Անշուշտ, երեկոյթի բոլոր փուլերը ունէին իրենց կարեւոր իմաստը, սակայն յայտագրի առանցքը կազմեցին Կապի Կալոյեանի կատարումները։ Գրեթէ բոլոր ներկաները զինքը արդէն կը ճանչնային համացանցէն, սակայն, անշուշտ, բոլորին տեսակէտէ եզակի առիթ մը եւ հաճոյք մըն էր զինքը տեսնել բեմին վրայ եւ ուղղակի հաղորդ դառնալ անոր արուեստին։ Կապի Կալոյեան եւ նուագակից ընկերները իսկապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը ու գրաւեցին ունկնդիրներու սիրտը։ Աւարտին, անոնք արժանացան որոտընդոստ ծափահարութիւններու։

Ընթրիքի աւարտին հանդիսատեսները հրաժեշտ առին՝ հերթական անգամ շնորհաւորելով «Մարալ»ի քառասնամեակը եւ զօրակցութիւն յայտնելով համոյթի ամբողջ ընտանիքին նկատմամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019