Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան վերջերս այցելեց Նիւ Եորք, ուր հանդիսապետեց իր դասընկերներէն մէկուն Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան։ Իր կեցութեան օրերուն ան պատարագեց Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեան ու բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց շարքին կը գտնուէին նաեւ նախկին պոլսահայեր։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան խօսեցաւ քարոզ մը։

Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այցելեց նաեւ երջանկայիշատակ Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։ Հայր սուրբը այս առթիւ աղօթեց հոգելոյս սրբազանին համար, որ անցեալի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցիէն ներս։

Քովի լուսանկարին մէջ հայր սուրբը կ՚երեւի Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի շիրմին մօտ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019