ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ։ Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Հա­ճըն­լեան եւ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։ Այս առ­թիւ ի­րենց սրտի խօս­քե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Վազ­գէն Պա­րըն, Մա­նուկ Էօ­ղէր, Ար­փի Մա­նու­կեան եւ Ծնո­ղաց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան, ո­րոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին տղաքն ու յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին ա­նոնց։ Շրջա­նա­ւարտ սա­նե­րուն յա­նուն Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, իսկ յա­նուն Սա­նուց միու­թեան՝ ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ուղ­ղեալ ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց դա­սա­րա­նի ու­սուց­չու­հի Աստ­ղիկ Պա­լըք­ճըօղ­լու։ Խան­դա­վառ ե­րե­կոյ­թը իր ա­ւար­տին հա­սաւ կար­կան­դա­կի ա­րա­րո­ղու­թեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015