ՊԱՀ ՄԸ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ժամանակակից հայ դասական երաժշտութեան յառաջատար անուններէն մէկն է Տիգրան Մանսուրեան, որու դասական ստեղծագործութիւններուն առընթեր յօրինած աւելի ժողովրդական գործերն ալ իրեն տուած են սիրելի ու ժողովրդական յօրինողի մը համբաւը։ Պոլսոյ երաժշտական փառատօնի շրջագծով քանի մը տարի առաջ Տիգրան Մանսուրեանին տրուած էր ստեղծագործութեան յատուկ պատուէր մը, զոր այս տարուան փառատօնի ընթացքին դեռ վերջերս Սրբոց Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ բեմին վրայ կատարեցին յայտնի ջութակահար եւ մանսուրեանական գործերու վարպետ կատարող Քիմ Քաշքաշեան եւ դաշնակահար Փիթըր Նակի։ Բախտաւորութիւն մըն էր անշուշտ, որ համերգը կը վայելէր նաեւ անձամբ յօրինողին՝ Տիգրան Մանսուրեանին ներկայութիւնը սրահէն ներս։
Պոլսոյ կեցութեան քանի մը օրերու ընթացքին Տիգրան Մանսուրեան շրջեցաւ ու ծանօթացաւ գաղութի ոչ միայն պատմական վայրերուն, այլ նաեւ այցելեց զանազան կառոյցներ։ Իր այս այցելութիւններէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ թերթիս, որու խմբագրութեան յարկէն ներս պատիւն ունեցանք զինքը ընդունելու երէկ, իր քանի մը ուղեկիցներուն հետ միասնաբար։ Թիֆլիզի վրայով Հայաստան մեկնելէ հազիւ քանի մը ժամ առաջ Տիգրան Մանսուրեան թերթիս խմբագրատան մէջ հաճելի զրոյց մը ունեցաւ մեզի հետ։ Փոխանցելով իր տպաւորութիւնները համերգէն ու այցելութեան օրերէն, զգալի էր, որ դրական լիցքեր ստացած է ան։ Հանդիպման ժամանակ անընդհատ կը մտածէինք արձակագիր Հրանդ Մատթէոսեանի այն խօսքերուն շուրջ, ըստ որու «Տիգրանով իմ սերունդը իր խօսքն է խօսում նորոգ ու նորօրեայ մշակոյթի տաճարում։ Առանց Տիգրանի՝ իմ սերունդը միայն համր ուխտաւոր էր լինելու»։ Յիրաւի Պէյրութէն Հայաստան ներգաղթած Մանսուրեան դարձած էր ոչ միայն իր հմայքով սիրելի անուն մը, այլ նաեւ իր արուեստով գերող ու ուրիշներու ձայնը դառնալու յատկութիւնը նուաճած մեծ արուեստագէտ մը։
Պատիւ զգացինք այս այցելութեամբ։