ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Շաբաթավերջին Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը հանդէս եկաւ իսկապէս փայլուն ելոյթով մը։ Ընդհանրապէս մանկանց երգչախումբի ընտանեկան անդամներէն բաղկացեալ ունկնդիրներու բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը, ուր ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Օրուան հանդիսավարներն էին Երազ Օլկունտեմիր եւ Արտա Էրօլ, որոնք երեկոյթի սկիզբին ողջունեցին ունկնդիրները։ Աւելի վերջ Լուսաւորչի մանկանց երգչախումբը հանդէս եկաւ՝ խմբավարութեամբ Արէտ Պոզթաշի։ Հարկ է նշել, որ Արէտ Պոզթաշ շատ յաջող ձեւով մարզած էր մանկանց երգչախումբը, որ ունկնդիրներուն ներկայացուց ճոխ երգացանկ մը։ Տղաքը հայկական երաժշտութենէն կոկիկ փունջ մը ներկայացուցին՝ արժանանալով ծափահարութիւններու եւ բոլորը համոզելով, թէ ապագային ալ աւելի կրնան կատարելագործել իրենց մակարդակը ու դառնալ մեր երաժշտական ժառանգութեան ապագայ ջահակիրները։
Երեկոյթի ընթացքին մանկանց երգչախումբին ընկերացաւ նուագախումբ մը, որու կազմին մէջ էին՝ Շանթ Էսմէր, Րաֆֆի Տէր-Գէորգեան, Ալէն Խաչիկօղլու, Անուշ Արշակունի եւ Արտէն Պօղոսեան։
Համերգի աւարտին թէ՛ երգչախումբի անդամները ապրեցան մեծ յուզում եւ թէ իրենց խմբավարը՝ Արէտ Պոզթաշ հպարտութեամբ ականատես եղաւ իր տքնաջան աշխատանքի այս առաջին արդիւնքին։ Զինքը ջերմօրէն շնորհաւորեց նաեւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, որ եւս ներկայ էր ձեռնարկին։
Հրաժեշտի պահուն բոլոր փոքրիկները իսկապէս տպաւորուած եւ խրախուսուած էին՝ յաջորդ համերգային ծրագրերու ճանապարհին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024