ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն մօտ մեծ յարգանքի ու համակրանքի առարկայ դարձած պատուական դէմք մը՝ Նազան Պիւյիւքսինեմեան։ Իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին եղած է Նազան Պիւյիւքսինեմեան, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը բազմակողմանի նպաստ բերած է համայնքային կեանքին։ Որպէս արուեստագիտուհի՝ իր ստեղծագործութիւնով ու որպէս վարչային՝ իր համերաշխ նկարագրով ան մատուցած է կարեւոր սպասարկութիւն ու միշտ բարձր գնահատանքի առարկայ դարձած՝ իր նուիրումով։ Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մէջ ստանձնած է պատասխանատուութիւն, իսկ երկար տարիներ Գալֆաեան Տան համար ի սպաս դրած է իր եռանդն ու պաշարը՝ որպէս հիմնադրի ներկայացուցիչ։
Նազան Պիւյիւքսինեմեան Գատըգիւղի ընտանիքին մօտէն ծանօթ Ոսկերիչեաններու գերդաստանի շառաւիղն էր։ Եղած էր Էսաեան վարժարանի փայլուն շրջանաւարտներէն մին։ Ան իր ստեղծագործական տաղանդը դրսեւորած էր բազմակողանի ձեւով։ Նկարչուհի էր, կը բանէր նաեւ յախճապակիներու վրայ, միեւնոյն ժամանակ ունէր բեմարուեստի ձիրքեր։
Իր կորուստը իսկապէս ցաւալի է, քիչ մըն ալ անժամանակ, որովհետեւ Նազան Պիւյիւքսինեմեան տակաւին յառաջացած տարիքի մը մէջ չէր։ Դժբախտաբար անցեալ շաբաթավերջին ան անցուց ցաւալի արկած մը եւ իր գլուխը ենթարկուեցաւ հարուածի։ Բժշկական միջամտութիւնները դժբախտաբար մնացին ապարդիւն։ Իր ընտանիքը եւ ընկերային շրջանակը խորապէս կը սգան իր մահը։ Այս դառնակսկիծ կորուստը ցնցիչ է հանգուցեալի ընտանիքին եւ բարեկամական շրջանակին հա-մար՝ երկար տասնամեակներու քաղցր յուշերու արհեսական ընդհատումով։
Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը՝ Նազան Պիւյիւքսինեմեանի բարի յիշատակին առջեւ ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները՝ իր ամուսնոյն՝ Սեփոն Պիւյիւքսինեմեանի եւ ամբողջ ընտանիքին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024