Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ԵՓԵՍՈՍԻ ՇՐՋԱՆԸ
Էսաեան վարժարանի ութերորդ դասարանի աշակերտները կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին իրականացուցին անմոռանալի պտոյտ մը։ Այսպէս, տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի եւ ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ խումբը օդանաւով մեկնեցաւ Իզմիր, ուրկէ ալ անցաւ Եփեսոս։ Թէ՛ բնութեան գեղեցկութիւնները վայելեցին տղաքը եւ թէ հաղորդ դարձան Եփեսոսի եւ շրջակայքի պատմամշակութային ժառանգութեան։ Ամրան արձակուրդին ընդառաջ շատ հաճելի ժամանց ունեցան տղաքը իրարու հետ։ Այս պտոյտը բոլորին մօտ ստեղծեց բարձր տպաւորութիւն։ Տղաքը խանդավառ պահեր ապրելէ վերջ անմոռանալի յուշերով վերադարձան Իսթանպուլ։
Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017