ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

2016-2017 կրթական շրջանի աւարտին առթիւ Էսաեան վարժարանէն ներս նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններու տարեվերջի հանդէսը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Դպրոցի առաջին ութ դասարաններու բոլոր աշակերտները մասնակցութիւն բերին այս յաջող հանդէսին, որուն ներկայ գտնուեցան Էսաեան վարժարանի նախակրթութեան բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը բացուեցաւ մանուկներու նուագախումբով։ Աւելի վերջ կարգ մը աշակերտներ հանդէս եկան նուագներով։ Երաժշտական կատարումներէն վերջ տեղի ունեցան մարմնամարզական եւ պարի ելոյթներ։ Այս հանդէսով աշակերտները առիթն ունեցան անցեալ կրթական շրջանին ընթացքին  իրենց ծաւալած գործունէութեան պտուղը ներկայացնելու թէ՛ իրենց ծնողներուն եւ թէ իրենց ընկերներուն։

Հանդէսի աւարտին բոլոր ներկաները հրաժեշտ առին բարձր տրամադրութեամբ՝ իրարու մաղթելով արձակուրդի բարի շրջան մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017