ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑ
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան խրախուսմամբ եւ կրթական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, 2016-2017 շրջանի աւարտին կեանքի կը կոչուի վերապատրաստութեան կարեւոր դասընթաց մը։ Այսպէս, քաղաքս հրաւիրուած է հեղինակաւոր մասնագէտ մը՝ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօներէն Յակոբ Չոլաքեան, որ մեր կրթական մշակներուն հետ պիտի աշխատի յառաջիկայ օրերուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Յակոբ Չոլաքեանը, որուն կ՚ընկերանային Մարիամ Տրամէրեան եւ Մարի Նալճը՝ յանուն հիմնարկին։ Նկատի ունենալով, որ Չոլաքեանի դասախօսութիւնները կը սկսին այսօր՝ կազմակերպիչները փափաքած էին նախօրեակին զինքը շփման մէջ դնել մեր մամուլին հետ։ Յակոբ Չոլաքեան դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ պոլսահայ կրթական համակարգէն յիսուն մշակներու համար, որոնք մեր վարժարաններէն ներս կը դասաւանդեն հայերէն, կը պաշտօնավարեն որպէս նախակրթարանի դասարանի ուսուցիչ կամ մանկապարտիզպանուհի։
Ըստ մշակուած ծրագրին, օրուան մէջ երկու անգամ պիտի ըլլան դասախօսութիւնները, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 24 Յունիս։ Օրուան առաջին կէսին նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի, իսկ երկրորդ կէսին լիսէներու ուսուցիչներու մակարդակին վրայ պիտի տարուին վերապատրաստման աշխատանքներ։
Այս ծրագրի ամբողջ ծախսերը դիմագրաւուած են Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։ Որպէս հիւրընկալ հաստատութիւն՝ ծրագրին կը նպաստէ նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, որու սրահի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենան վերապատրաստման դասընթացները։