ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ԴՊՐՈՑԷՆ

Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթ մը ապրեցաւ՝ հրաժեշտ տալով վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի 2017-2018 տարեշրջանի կրթական շրջանի հունձքին համար կազմակերպուած էր փայլուն արարողութիւն մը, որու ընթացքին ջերմօրէն շրջապատուեցան այս տարուան 15 շրջանաւարտները։

Հանդէսին ներկայ էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ընկերները, վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Սեդա Սունէր, Գարակէօզեանի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ալէն Քարաքէլլէի եւ Տենչա Սիլահլըի։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Արուսեակ Մոնէ, Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Սելինա Տողան։ Յանուն շրջանաւարտներուն արտայայտուեցան Լեթիսիա Տեմիրճի, Ռոնի Քոլուքըսաեան, Գագիկ Ալոյեան եւ Թարա Զիլման՝ զանազան լեզուներով։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քաթրանճըի մականին ներքեւ շրջանաւարտները հանդէս եկան խմբերգներով։ Դասարանի ուսուցչուհի Մարի Արզումանն ալ բարի հրաժեշտ մաղթեց շրջանաւարտներուն։

Աւելի վերջ յանձնուեցան վկայականներն ու ընթացաւարտներուն նուէրները։ Այս տարուան յաջողագոյններն են՝ Լեթիսիա Տեմիրճի, Ռոնի Քոլուքըսաեան եւ Արտա Զիլման։

Վկայականներու յանձնումէն վերջ պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի կողմէ պատրաստուած ծրագրով ստեղծուեցաւ իսկական տօնախմբութեան մթնոլորտ մը։ Բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ տղաքը կտրեցին նաեւ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018