ԿԱՐԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան շա­բա­թա­վեր­ջին տե­սակ­ցե­ցաւ հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու ի­րա­ւա­բան­նե­րուն հետ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ի­րա­ւա­բան­ներ՝ Մի­խա­յիլ Փիւս­քիւ­լօղ­լու, Ֆո­թի Պեն­լի­սոյ, Էօ­մէր Քան­թիք, Սե­պուհ Աս­լան­կիլ, Հիւր­րի­յէթ Ա­զաք, Սիւ­զէթ Ան­ժէլ, Էմ­րահ Քու­լաք­լը, Էր­տալ Տո­ղան։ Ներ­կայ էին նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս եւ Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան, որ նոյն­պէս ի­րա­ւա­բան է մաս­նա­գի­տու­թեամբ։

Ըստ Լա­քի Վին­կա­սի գրա­սե­նեա­կէն փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան կա­նո­նադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ 5737 թիւ Վա­քըֆ­նե­րու օ­րէն­քի ժա­մա­նա­կա­ւոր 11-րդ յօ­դուա­ծին եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Իրա­ւա­բան­նե­րը շօշափեցին նաեւ շարք մը վաքըֆներու մասնակի հարցերը։

Թո­րոս Ալ­ճան կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ նման խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել վեց ամ­սուան պար­բե­րու­թեամբ եւ ար­դիւնք­նե­րը բաժ­նել փոք­րա­մաս­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015