ՍԻՊԻԼ ԼՈՆՏՈՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի համակրելի մենակատարներէն Սիպիլ հրաւիրուած է Լոնտոն։ Այս շաբաթավերջին Սիպիլ Լոնտոնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ «Հայկական փողոց» փառատօնին։ «Armenian Street Festival» կոչուած այս փառատօնը կը կազմակերպուի Լոնտոնի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Սիպիլ յատուկ հիւրի կարգավիճակով մասնակցութիւն պիտի բերէ այս ծրագրին եւ իր կատարումները առիթ պիտի հանդիսանան՝ որպէսզի փառատօնի մասնակիցները հաղորդ դառնան հայկական երաժշտութեան։

Հարկ է նշել, որ սոյն փառատօնին կը մասնակցին ոչ միայն անգլիահայեր, այլ նաեւ տեղացիներ, որոնք թէ՛ հաճելի ժամանց կ՚ունենան եւ թէ այդ միջավայրին մէջ տարրական պատկերացում մը կը կազմեն հայկական մշակոյթին մասին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017