ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ, ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍՈՅԼՈՒ ԵՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԵՐԼԻՔԱՅԱ ՓՈՒԹՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ ԳԱՏԳԸԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՀԱՃ ԴԷՊՔԻՆ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շաբաթավերջի տհաճ դէպքը երէկ պետական աւագանիի ամենաբարձր մակարդակի վրայ հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անընդունելի անպատշաճութիւն մը որակեց այս դէպքը։ Իր խօսքով՝ այս անարգանքը կը համարուի խափանարարութիւն մը՝ մեր միասնականութեան եւ միութեան դէմ։ Նախագահ Էրտողան երէկ նշեց, որ այս նիւթին հետամուտ պիտի ըլլան։ Նման անպատշաճութեան մը ընդունուիլը կարելի չէ։ Էրտողան շեշտեց, որ ո՛ր կրօնին ալ պատկանի՝ սրբավայրերու վրայ այսպիսի յարձակումները անընդունելի են։

Նախագահ Էրտողանի այս յայտարարութիւնները արդէն ամուր քաղաքական կամքի մը դրսեւորման առիթ հանդիսացան այս տհաճ խնդրին դէմ՝ մինչ ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ նոյն վճռակամութեամբ արձագանգեց դէպքին եւ նոյնպէս խափանարարութիւն որակեց կատարուածը։

Երէկ օրուայ ընթացքին ընկերային ցանցերու վրայ շարունակուեցաւ Գատըգիւղի եկեղեցւոյ տհաճ դէպքի վերաբերեալ արձագանգը, մինչ զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ իրադարձութիւնները լուսաբանեցին անմիջականօրէն։ Բացի նախագահ Էրտողանէն, պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքեր ալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին՝ մասնաւորապէս Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա։ Պետական աւագանիէն դէմքեր այս կապակցութեամբ շփման մէջ անցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ընկերային ցանցերու մէջ տեղ գտաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դրան առջեւ պատահած անախորժ դէպքը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաջին իսկ պահէն մօտէն հետաքրքրուեցաւ սոյն դէպքի հետ եւ յայտնեց իր ցաւը։

Երէկ օրուան ընթացքին պատկան մարմիններ եւս բարձր մակարդակի վրայ անդրադարձան այս դէպքին եւ պախարակեցին եղելութիւնը։ Այս առիթով Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա հեռախօսային կապ հաստատեց Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հետ եւ պախարակեց կատարուածը։ Ան յայտնեց, որ պատկան մարմինները հետամուտ եղած են դէպքին եւ երեք անձերն ալ ձերբակալուած են։ Կուսակալը ըսաւ. «Ձեր զգայնութիւնները մեր բոլորին զգայնութիւններն են»։ Իր կարգին Պատրիարք Հայրն ալ յայտնեց, թէ դէպքը վիրաւորիչ է եւ այս առումով շնորհակալութիւն յայտնեց պատկան մարմիններու ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Ալի Երլիքայա հեռախօսային կապ հաստատեցին Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի հետ եւ կատարուածը անընդունելի որակելով իրենց ցաւը յայտնեցին։ Բաց աստի, Գատըգիւղի քաղաքապետ Շերտիլ Տարա Օտապաշըն եւս կապ հաստատեց Գատըգիւղի թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Կարօ Պալեանի հետ եւ ինք եւս պախարակեց աղօթավայրի դէմ գործուած այս դէպքը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021