ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նշան Եաղուպեանի կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ան մասնագիտական գետնի վրայ ծաւալած էր բեղուն աշխատանք՝ մինչ տասնամեակներ շարունակ մեր համայնքին համար ալ մատուցած էր երախտաշատ ծառայութիւն։ Այս բոլորէն վերջ Նշան Եաղուպեան յուղարկաւորուեցաւ՝ առարկայ դառնալով համատարած յարգանքի։ Իր դագաղին շուրջ համախմբուած յուղարկաւորները վերջին խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի յիշատակին առջեւ։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ներկայացուց փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Գատըգիւղի ընտանիքն ալ ամենաբարձ մակարդակի ներկայացուցիչներ ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէքի։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի քաղաքապետ Շերտիլ Տարա Օտապաշը։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ընթերցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ ուղարկուած ցաւակցականին հայերէն եւ թրքերէն տարբերակները։
Հուսկ, հոգելոյս Նշան Եաղուպեանի դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն եւ տարուեցաւ Գատըգիւղի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ՝ թարմ ծաղիկներով, բոլորի տամուկ աչքերով եւ իր յաւիտենական հանգիստին համար աղօթքով։