ԱՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ՓԱԿՈՒՂԻ

Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որ ձօնուած էր թրքահայ համայնքի այժմու հրատապ օրակարգի առանցքային խնդիրներուն։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ այս անկիւնադարձային խորհրդակցութիւնը, որու մթնոլորտն ու արդիւնքը դժբախտաբար եկան հերթական անգամ վերահաստատել, որ մեր համայնքը անյաղթահարելի փակուղիի մը մէջ կը գտնուի պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ։

Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուած այս խորհրդակցութեան մասնակցեցան մեր համայնքէն շարք մը ազդու գործիչներ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, տեղապահ սրբազան հօր կողքին ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Երկար ժամանակ վերջ նոյն սեղանին շուրջ համա-խըմբուած եղան մեր Աթոռի երեք սրբազանները՝ ինչ որ երէկուան օրուան դրական հիմնական երեւոյթն էր։

Դռնփակ կազմակերպուած երէկուան ժողովը տեւեց բաւական երկար։ ԺԱՄԱՆԱԿ առիթն ունեցաւ խորհրդակցութեան սկիզբին նկարահանում մը կատարելու։ Խորհրդակցութեան աւարտին զանազան ժողովականներու կողմէ մեզի փոխանցուած տեղեկութիւնները եկան ապացուցանել, որ ծաւալուն քննարկումներ կատարուած են տեղապահ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուան անկիւնադարձային խորհրդակցութեան ընթացքին ջուրի երես եկան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս դժբախտաբար յառաջացած լուրջ խցանումները, որոնց հետեւանքները առ այժմ  կը մնան անկանխատեսելի։ Արդարեւ, իրադարձութիւնները դարձեալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր եւ այժմէն ինքնաբերաբար կ՚իմաստազրկեն միջոց մը առաջ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ հրատարակուած՝ մինչեւ տարեվերջ քուէարկութեան ձեռնարկելու մասին ժամանակացոյցը։

Ժողովի ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկման առնուեցաւ այն հարցը, որ պատկան իշխանութիւնները ներկայիս կը պահանջեն Նախաձեռնարկ մարմնին լուծարումը։ Համայնքէն կարգ մը ազգայիններ վերջերս վերահասու դարձած են այս ակնկալութեան։ Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլուն ալ այդ բոլորի լոյսին տակ մանրամասնօրէն ներկայացուց իրեն միջոցաւ փոխանցուած պատգամները։ Պատկան իշխանութիւններուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն շնորհիւ՝ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ տեղեակ դարձած է առկայ խնդիրներուն։ Ան ժողովականներուն բացատրեց, որ յաչս պատկան իշխանութիւններուն տակաւին չէ հասունցած պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկելու պահը։ Այս խնդիրը վերջին շրջանին թէեւ զանազան երեսակներով արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս, սակայն երէկուան ժողովի ընթացքին վերջնականապէս տեղ գտան համայնքի օրակարգին վրայ։ Այսպէսով, Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը դուռ կը բանայ անորոշութեան եւ սպասման նոր շրջանի մը, որու պայմաններուն ներքեւ ընտրութեան հեռանկարը անխուսափելիօրէն կ՚ենթարկուի կասկածի։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին ժողովականները նկատի առին նաեւ 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ Անգարայի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան համար պետութեան կողմէ Պատրիարքական Աթոռի անտեսման խնդիրը։ Այս հարցն ալ բուռն քննարկումներու առարկայ դարձաւ։ Կարգ մը ժողովականներ ունեցան այն համոզումը, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան պարագային սոյն զանցառութիւնը կատարուած է՝ որովհետեւ տեղապահ սրբազան հօր հանգամանքը յաչս պետութեան տակաւին չէ գտած պաշտօնական ճանաչում։ Քննարկումներու տեւողութեան, ինքնաբերաբար, այս խնդիրը մաս կազմեց ընտրութեան հարցի ամբողջի քննարկումներուն։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկուան ժողովին ընթացքին դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնին մասին եւ յայտնեց, որ գոհ է անոր կողմէ ծաւալուած աշխատանքէն։ Ան ժողովականներէն խնդրեց, որ իրեն հետ խօսին բաց, անկեղծ եւ իրեն սրտբացօրէն յայտնեն, որ անհրաժեշտ կը նկատե՞ն իր հրաժարականը, թէ ոչ։ 

Այսպիսի ծանր նիւթերու վերաբերեալ շարունակուեցան քննարկումները։ Ժողովականները միանշանակ դիրքորոշում մը չկրցան որդեգրել առկայ իրադարձութիւններու պարագային։ Ոմանք յարմար դատեցին, որ Նախաձեռնարկ մարմինը զոհողութիւն յանձն առնելով անմիջապէս հրաժարի պաշտօնէն՝ որպէսզի այսպէսով նպաստ մը բերած ըլլայ համայնքին՝ կանխելով նախընտրական գործընթացի կաթուածահարումը։ Ուրիշներ համակարծիք չգտնուեցան այդ մօտեցման։ Իրենց ալ համոզումը այն էր, որ 9 Օգոստոս 2017 թուականին յաչս պետութեան դիմում մը կատարուած է Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ։ Պետութեան մօտ կատարուած դիմումները կ՚ենթադրեն երկու ամսուան սպասման ժամանակաշրջան մը։ Ուստի, պէտք է սպասել մինչեւ 9 Հոկտեմբեր 2017, երբ պիտի վերջանայ այդ ժամկէտը։ Անշուշտ, այս պահու դրութեամբ որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի, որ մինչեւ այդ թուականը պատասխան մը պիտի տրուի՞ կամ ոչ։

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հաւանական հրաժարականի հարցն ալ երկու մօտեցումի ծնունդ տուաւ խորհրդակցութեան ընթացքին։ Կարգ մը ժողովականներ յայտնեցին, որ նորին սրբազնութեան հրաժարականին համար որեւէ անհրաժեշտութիւն չկայ։ Այլ ժողովականներ ալ պաշտպանեցին այն տեսակէտը, թէ եթէ պատրիարքական ընտրութեան հեռանկարը կը մնայ կասկածի տակ՝ ապա տեղապահի պաշտօնավարութիւնն ալ կը դառնայ անիմաստ։ Ժողովականներէն մեր ունեցած տուեալներով՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ այս կէտին վրայ յայտնած է, որ ինք մտադիր չէ առանց պատրիարքական ընտրութեան երկար ժամանակ այդ պաշտօնը զբաղեցնելու։

Խորհրդակցութեան մասնակիցները արձակուեցան առանց շօշափելի արդիւնքի մը, ուստի ներկայիս կը սպասուի իրադարձութիւններու շարունակութեան եւ այդ սպասման շրջանը ինքնաբերաբար հարցականներու նոր շարան մը կրնայ ծնիլ թրքահայութեան տեսակէտէ։

Չենք ուզեր խնդիրը զգացականութեան սահմաններուն տանիլ, սակայն մեր ունեցած տուեալներն ու լսումները կու գան վկայել, թէ երէկուան խորհրդակցութիւնը ատեն-ատեն նաեւ ելեկտրականացած մթնոլորտի մէջ ընթացած է։ Այժմ մեր համայնքը ծանր կացութեան մը մատնուած է։ Նոյն ծիրին մաս կը կազմեն նաեւ այն գանգատները, թէ միասնականութիւնը, զօրակցութիւնն ու համախմբուածութիւնը կը պակսին։ Այո, թէեւ փափաքելի է, որ այդ բոլորը ըլլան, սակայն հաւաքական կեանքէ ներս այդ բոլորին հասնելու համար պէտք է անհրաժեշտ պայմանները պատրաստուին։ Նոյնիսկ աւելի երկրորդական բնոյթով հարցերու շուրջ մեր համայնքէն ներս հասարակաց յայտարար ձեւաւորել գրեթէ անկարելի է։ Ուստի, տրամաբանական չէ, որ պատրիարքական ընտրութեան նման ճակատագրական նիւթի մը շուրջ «քոնսենսիւս» մը գոյանայ։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին ժողովականները ամփոփեցին տեղապահ սրբազան հօր պաշտօնի ձեռնարկելէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին համայնքային կեանքէն ներս ապրուածները։  Արտայայտուեցան զանազան դիտարկումներ, որոնք կը բովանդակէին իրերամերժ հանգամանքներ։ Բոլորը ունէին ուրոյն տեսակէտ մը։ Կարգ մը ժողովականներուն համար նոյնիսկ անակնկալ էր, որ խորհրդակցութեան մասնակիցներու կազմը անակնկալօրէն ընդլայնուած էր՝ հրաւէրի պահուն իրենց տեղեկացուած ձեւէն։ Ներկայ կացութիւնը լաւատեսութեան հիմքեր ստեղծելէ հեռու է մօտաւոր ապագային համար, սակայն, մաղթենք՝ որ մենք սխալինք։

Ազդեցութեան պայքարները անկառավարելի դարձուցած են մեր համայնքային կեանքը։ Այդ նոյն ազդեցութեան պայքարները արգելք կը հանդիսանան համայնքէ ներս հասարակաց յայտարարներու ձեւաւորման։ Ո՞վ, որո՞ւ դէմ, ի՞նչ հնարաւորութիւններով եւ ի՞նչ նպատակներով պայքար կը մղէ եւ ի վերջոյ ո՞ւր կ՚ուզէ հասնիլ։

Որքան ատեն որ այս հարցականները չկրճատուին, որքան ատեն որ մարդիկ պատրաստակամ չըլլան իրենց գործած սխալներէն դաս քաղելու եւ ըստ այդմ յառաջ շարժուելու՝ մեր համայնքի խնդիրները պիտի չլուծուին եւ օր մըն ալ պիտի հասնին այնպիսի կէտի մը, ուր նոյնիսկ անկարեւոր կրնայ դառնալ նոր պատրիարք մը ունենալ կամ չունենալը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2017