ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ
2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ, ամրան արձակուրդի աւարտին հետզհետէ վերստին թափ կը ստանայ նաեւ համայնքային կեանքը։ Մեր եկեղեցիներու տարեկան սիրոյ սեղաններու շրջանը դարձեալ պիտի բացուի՝ հաւասարակշռելու համար անոնց յարակից մեր ազգային վարժարաններու պիւտճէները։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, նոր եղանակի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Հոկտեմբերի սկիզբին Սամաթիոյ ընտանիքը դարձեալ պիտի սարքէ իր սիրոյ սեղանը՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի յառաջիկայ մէկ տարուան գործունէութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ։
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ ազդարարուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանի պատրաստութիւններուն սկիզբը։ Եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ այս առթիւ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան մը։ Բացօթեայ հաւաքոյթը համախմբեց բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն ծանօթ դէմքեր, թաղի յարակից մարմիններու պատասխանատուները, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Երեկոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի համայնքային շրջանակները ողջունեն Սահակեան-Նունեան վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհիները՝ Մարի Սարուխանեանն (լիսէի բաժին) ու Պելինտա Մըխճըօղլուն (միջնակարգի բաժին)։
Ընթրիքի սեղանը օրհնեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Բացման աղօթքէն վերջ, սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչները ամրան արձակուրդի աւարտին զիրար վերագտնելու բարձր տրամադրութեան մէջ էին։
Նման պայմաններու ներքեւ ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի անդամներէն Հերման Կիւրճեան։ Այս վերջինը բացատրութիւններ տուաւ պիւտճէի բացին շուրջ, ինչ որ հասած էր կարեւոր մակարդակի մը։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Սամաթիոյ ընտանիքի եւ առկայ կարիքներու ընդհանուր վիճակը։ Որքան որ ալ լուրջ էին հարցերը, մեծ էր պիւտճէի բացը՝ Եսայի Տեմիր նախընտրեց խնդիրը չսահմանափակել զուտ իր գլխաւորած թաղով ու նախընտրեց ամէն ինչ մեկնաբանել համայնքային կեանքի ամբողջին մէջ եւ համապատասխան հետեւութիւններ ընել՝ մեր հաւաքական կեանքին տեսակէտէ։ Յատկանշական օրինակներ ցոյց տալով պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդի դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն եւ անկարելիութիւններուն շուրջ՝ Եսայի Տեմիր ընդգծեց, որ մեր համայնքը պէտք է միշտ ըլլայ ամուր համագործակցութեան մէջ եւ երբեք իր յոյսը պէտք չէ կտրէ զօրակցութեան ոգիէն։ Եսայի Տեմիր ընդգծեց, որ հայութեան գոյատեւման գաղտնիքը միշտ եղած է եկեղեցւոյ եւ դպրոցի համագործակցութեան, ուստի մեր արժէքներուն փարած մնալով համայնքը այսօր կրնայ առկայ խնդիրներուն անպայման գտնել լուծում մը։
Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէն ալ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան առաւել չափով կանգ առաւ պատմական Սամաթիոյ առանձնայատկութիւններուն վրայ եւ յիշեցուց, որ այս թաղէն ներս թէեւ առերեւոյթ մէկ դպրոց կը գործէ, սակայն գործնականին մէջ այդ համալիրէն ներս մէկ-տեղուած է երկու վարժարան։ Մելքոն Քարաքէօսէ կոչ ուղղեց, որպէսզի ներկայ ծանր ժամանակաշրջանին թէ՛ մեր անհատ բարերարները եւ թէ հաստատութիւնները որոշ չափով հնարաւորինս աւելցնեն իրենց ներդրած լուման՝ որպէսզի մեր հաստատութիւնները մնան կայուն եւ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Սրտի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։
Հաւաքոյթի աւարտին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ներկաներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան մատնանշեց Սամաթիոյ ընտանիքի խոր եւ ամուր աւանդութիւնները։ Այդ բոլորը տակաւին կենդանի են այս պատմական թաղէն ներս եւ կը շարուակեն ազդեցութիւն գործել անոր հաստատութիւններու գործունէութեան վրայ։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց, որ մեր համայնքին եւ անոր հաստատութիւններուն նաւը յառաջ պիտի տարուի շնորհիւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ։
Սիրոյ սեղանը եզրափակուեցաւ աղօթքով։ Ներկաները հրաժեշտ առնելէ առաջ զօրակցութիւն յայտնեցին Սամաթիոյ թաղային խորհուրդին եւ յաջողութիւն մաղթեցին մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն համար։