ՀԵՌԱՀԱՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ ժողով մը գումարեց՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Նկատի ունենալով, որ Խորհրդակցական մարմնի այս նիստը 2018-2019 կրթական շրջանի բացման նախօրեակին կը զուգադիպէր՝ քննարկումներու ընթացքին, ըստ էութեան, ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ պոլսահայ կրթական համակարգի հրատապ խնդիրներուն վրայ։ Նորին սրբազնութեան գլխաւորութեամբ ժողովականները հեռահար արժեւորում մը կատարեցին մեր կրթական կեանքի ընդհանուր ընթացքին, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղիներուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ժողովականները մասնաւորապէս հաշուի առին մեր լեզուին ու մշակոյթին, ժառանգութեան հաղորդ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ վերջին տասնամեակներուն յառաջացած անբաւարար արդիւնքը։ Լեզուի եւ կրօնի ուսուցման տկարութիւնը պոլսահայ վարժարաններու պարագային սահմանափակ չեն համարուիր լոկ այդ առարկաներով, այլ ազդանշանները կը համարուին ընդհանուր խնդիրներով։ Ժողովականները անդրադարձան նաեւ նիւթական անբաւարարութիւններու եւ մեր կրթական համակարգի այժմու ժամանակներու քայլ յարմարցնելու դժուարութեան։ Բոլորը ցաւով արձանագրեցին, որ բարեկեցիկ ընտանիքներ չեն նախընտրեր իրենց զաւակները համայնքային վարժարան ուղարկել, իսկ համայնքային վարժարաններ նախընտրող ծնողներն ալ մեծաւ մասամբ պատրաստակամ չեն դոյզն ինչ լումայ մը ներդնելու անոնց գանձանակին մէջ։ Այս համատարած անտարբերութիւնը ներկայիս իսկապէս ջլատիչ համեմատութիւններու հասած է։

Կրթական խնդիրներու ամբողջին մէջ շօշափուեցաւ նաեւ «Թրքահայ վարժարաններու միութիւն» մը ըս-տեղծելու նախաձեռնութիւնը, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ համայնքի օրակարգը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ծայր աստիճան վերապահութեամբ արտայայտուեցաւ այս կապակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ այս ծրագիրը շեղած է իր մեկնակէտի նպատակէն։ Թէ՛ Պետրոս Շիրինօղլու, թէ՛ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ լիակատար փոխըմբռնումով մօտեցումներ արտայայտեցին, թէ մեր համայնքը կը տառապի սուր պառակտումներէ եւ այս իրավիճակին մէջ չ՚արժեւորուիր բարերարներու կողմէ կատարուած ներդրումը։ Այդ նուիրատուութիւնները դարձած են ձեւով մը ընթացիկ եւ անոնց նշանակութիւնը չի գնահատուիր։

Ժողովի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ մեր այժմու աշակերտներու տարողութեան համար վարժարաններու ներկայ թիւը չափազանց բարձր է։ Այսքան մեծ դպրոցական ցանց մը կանգուն պահելու համար կը կատարուին ներդրումներ, կը գործադրուին ջանքեր եւ արդիւնքին մեր համայնքը կը բաւարարուի միջակութիւններով։ Մինչդեռ, եթէ միջոցները խտացուին, ապա ընդհանուր արդիւնքը շատ աւելի բարձր մակարդակի մը հասցնել, էապէս կատարելագործել հնարաւոր պիտի ըլլայ։ Այս կապակցութեամբ Փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեան յատկապէս ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է մեր դպրոցներու ընդհանուր ծախսերը քոնսոլիտասիոնի մը ենթարկել։

Ժողովականները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին խորհուրդ տուին, որ Պատրիարքական Աթոռը միշտ հետամուտ ըլլայ մեր կրթական համակարգի ընդհանուր ընթացքին ու մեր համայնքին ուշադրութիւնը անշեղ պահէ բարեփոխումներու եւ նոր լուծումներու անհրաժեշտութենէն։ Նիստը փակելէ առաջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռը միշտ կը դիտարկէ մեր կրթական համակարգը եւ բոլորանուէր զօրակցութիւնը կը բերէ՝ մեր լեզուի եւ կրօնի ուսուցման կենսական առաքելութեան։ Նորին սրբազնութիւնը յոյս յայտնեց, թէ մեր համայնքի վարչայիններն ու կրթական համակարգի մասնագիտական անձնակազմը համախորհուրդ ձեւով յառաջիկայ շրջանին պիտի յաջողին մեր դպրոցներու ցանցը վերակազմակերպելու հնարաւորութիւն մը գտնել եւ Պատրիարքական Աթոռը միշտ պիտի ունենան իրենց կողքին՝ խրախուսանքով, աղօթքով ու վերջապէս՝ որպէս հարթակ, ուր հասարակաց յայտարարի մը հասնելու առաւելագոյն կարելիութիւնները պիտի վայելեն։

Կրթական խնդիրներու առընթեր Խորհրդակցական մարմնի անդամները կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափին մէջ անդրադարձան Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին պետութենէն հասած գումարներուն եւ անոնց արժեւորման եղանակներուն վերաբերեալ խնդիրներուն։

Խորհրդակցական մարմնի նիստը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի արձակման աղօթքով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018