ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ վերամուտի արարողութեան։ 2022-2023 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնները տուաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին։ Այցելութեան առթիւ դպրոցի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022