ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ
Թուրքիոյ առկայ բարդ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, Նոյեմբերի 1-ի կանխահաս ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ երեկոյեան կառավարութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը այցելեց Պատրիարքարան։ Գումգաբուի մէջ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Երկրագործութեան նախարար Մեհտի Էքէրը։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ծանօթ ազգայիններ եւ համայնքային հաստատութիւններու ատենապետներ կամ վարչայիններ՝ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի ձեւաչափին մէջ։ Մեհտի Էքէրին կ՚ընկերանային ԱՔ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած երկու անուններ՝ Մարգար Էսաեան եւ Միհրիմահ Պելմա Սաթըր։
Պատրիարքարանի պարտէզի մուտքին նախարարը դիմաւորուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ այլ խումբ մը ազգայիններու կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ դէպի շէնք։ Աստիճաններուն մօտ զինքը ողջունեց Ընդհանուր Փոխանորդը։ Նախքան դահլիճ անցնիլը, կարճատեւ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ պատրիարքական ընդունարանին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ նախարար Մեհտի Էքէր աւելի վերջ անցան դահլիճ, ուր համախմբուած էին համայնքային ներկայացուցիչները։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին փոխանակուեցան դրական պատգամներ եւ շուրջ մէկուկէս ժամուան այցելութիւնը աւարտին հասաւ Պատրիարքարանի մուտքի աստիճաններուն վրայ կատարուած նկարահանումով։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի յարկին ներքեւ նախարարը ողջունելով ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան կապակցութեամբ։ Ան ցաւով անդրադարձաւ վերջին շրջաններուն մեր երկրէն ներս ապրուած ահաբեկչական իրերայաջորդ դէպքերուն, որոնք հաւասարապէս ցաւ կը պատճառեն երկրի բոլոր քաղաքացիներուն, ներառեալ թրքահայերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ ահաբեկչական դէպքերուն հայոց վերագրուիլը խորապէս կը վիրաւորէ թրքահայութիւնը։ Արդարեւ, հայերը մեր երկրի անանջատելի մասնիկը կը հանդիսանան եւ այս հողերուն վրայ ունին շուրջ հինգ հազար տարուան ներկայութիւն մը։ Կրկնելով մանաւանդ Անգարայի մէջ պատահած վերջին ահաւոր ահաբեկչութեան մեր համայնքէն ներս տեղի տուած համատարած ցաւը՝ Նորին Սրբազնութիւնը հերթական անգամ արտայայտեց իր ցաւակցութիւնը։ Իր խօսքերուն մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ հայ համայնքի անունով յայտարարութիւններով հանդէս գալու վերաբերեալ երեւոյթներուն։ Ան ընդգծեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը 554 տարուան հաստատութիւն մըն է, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ազգային կեդրոն մը, եւ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած նախընթացներու հիման վրայ միայն այն է, որ մեր համայնքին, թրքահայութեան անունով խօսելու բարոյական իրաւունքը ունի։ Հետեւաբար, այլ անհատներու կամ շրջանակներու արտայայտութիւնները չեն կրնար ընկալուիլ կամ ներկայացուիլ համայնքին անունով, անոնք նման իրաւունք կամ իրաւասութիւն չունին, նոյնիսկ եթէ ըլլան երեսփոխաններ։
Օգտուելով առիթէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կանգ առաւ նաեւ թրքահայ վարժարաններու առկայ խնդիրներուն վրայ։ Ան նախարարին նկատառման յանձնեց, թէ մեր դպրոցները կ՚ապրին շարք մը խնդիրներ։ Այժմ կը հասուննան գործընթացներ, որոնց հետեւանքով մեր կրթօճախները մասնաւոր վարժարանի կարգավիճակին բերումով կրնան համարուիլ տնտեսական ձեռնարկ (iktisadi işletme)։ Նորին Սրբազնութիւնը շեշտեց, որ այս հեռանկարը կը մտահոգէ մեր համայնքը, որովհետեւ թրքահայ վարժարանները կը գոյատեւեն համայնքային բարերարներուն աջակցութեամբ։ Որքան որ ալ պետութիւնը վերջին տարուան ընթացքին հոգածութիւն ցոյց տուած ըլլայ մեր դպրոցներուն, այդ յատկացուած միջոցները անբաւարար կը մնան մեր վարժարաններու բոլոր կարիքները դիմագրաւելու ուղղութեամբ։ Հետեւաբար, նուիրատուութիւններով կը գոյատեւեն դպրոցները եւ անոնք յաւելեալ դժուարութիւններու կրնան ենթարկուիլ, եթէ դառնան տնտեսական ձեռնարկներ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ ըստ Լոզանի դաշնագրին պետութիւնը պէտք է համայնքային բոլոր հաստատութիւններուն օժանդակութիւն ցուցաբերէ, սակայն այսպիսի նախընթաց մը չէ ձեւաւորուած անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին։ Իսկ այժմ մեր վարժարաններու պարագային կրնայ այնպիսի մտահոգիչ հեռանկար մը ստեղծուիլ, որ անոնք կրնան վերածուիլ հարկատու հաստատութիւններու եւ իրենցմէ կրնայ պահանջուիլ աւելացուած արժէքի հարկ (KDV)։ Ուստի, Նորին Սրբազնութիւնը էապէս կարեւորեց, որ մեր վարժարանները մնան տրազերծ, այլապէս անհամեմատօրէն կրնան բարդանալ անոնց կողմէ դիմագրաւուած խնդիրները։
Իր խօսքերուն տեւողութեան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դրական գնահատանքով մատնանշեց վերջին շուրջ տասն տարիներուն ընթացքին ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն ու մասնաւորապէս մեր համայնքային կեանքէն ներս ապրուած բարեփոխումները, որոնց արդիւնքը ողջունելի ու գոհացուցիչ եղած է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս համայնքային հարցերը լուծում չեն գտած ամբողջութեամբ եւ առկայ կը մնան զանազան դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումը առաջնահերթօրէն համայնքի օրակարգը պիտի զբաղեցնէ յառաջիկայ շրջանին։
Իր կարգին, Մեհտի Էքէրն ալ ունեցաւ անմիջական ելոյթ մը՝ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Ծանօթ է, որ Մեհտի Էքէր վերջին երեք շրջաններուն ԱՔ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխան ընտրուած էր Տիարպաքըրէն։ Իսկ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ ան նոյն կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրուած է այս առթիւ Իսթանպուլի երրորդ ընտրաշրջանէն։ Ուստի, իր արտայայտութիւնները կը բովանդակէին թէ՛ կառավարութեան կողմէ պատգամներ եւ թէ բնականաբար կը մեկնաբանուէին նախընտրական ներկայ գործընթացի տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ։
Հաշուի առնելով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ծննդավայրն ալ Տիարպաքըրն էր՝ նախարար Մեհտի Էքէր իր արտայայտութիւններու սկիզբին մօտեցումները բանաձեւեց այդ հասարակաց յայտարարին վրայ։ Ան շեշտեց, թէ Տիարպաքըրի մէջ հայերը, ասորիները եւ հրեաները կ՚ապրէին միասնաբար։ Այժմ անոնք անհետացած են կամ անհամեմատօրէն նուազած, ինչ որ անմիջական ազդեցութիւն կը գործէ հասարակութեան կեանքին վրայ. պակսած են արհեստաւորները։ Այս առումով Մեհտի Էքէր Տիարպաքըրը նմանցուց մոխիրներու տակ թաղուած գոհարի մը։ Ապա նախարարը կանգ առաւ ահաբեկչութեան հիմնախնդրին վրայ։ Ան ըսաւ, թէ ոմանք կը սնուին այդ ահաբեկչութենէն ու կը փորձեն առկայ վիճակով ապրիլը պարտադրել բոլորին։ Մինչդեռ, իրենք կը ձգտին միասնաբար ապրելու, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ տնտեսութիւնը զարգացնելու։ Այս բոլորը միասնականութիւնն ալ պիտի ամրացնեն երկրէն ներս։ Վերջին ահաբեկչական դէպքերը երկրի բարոյահոգեբանական վիճակը կը խանգարէ ու կը ձգտի խոչընդոտել անոր կայունութիւնը։ Էքէր վստահութիւն յայտնեց նաեւ, թէ բոլոր պատասխանատուները պիտի գտնուին ու հաշիւ պիտի տան օրէնքի առջեւ։ Նախարարը այս շրջագծին մէջ կարեւորեց նաեւ մեր երկրէն ներս անցեալէն ժառանգուած համակեցութեան աւանդութեան տեւականացումը։
Իր խօսքերուն տեւողութեան Մեհտի Էքէր շեշտեց, որ հայ համայնքը մեծ արժէք կը ներկայացնէ երկրին տեսակէտէ։ Ան համոզուած է նաեւ, որ անցեալի ցաւերը այսօրուան սերունդները դարձուցած են աւելի հասուն։ Իսկ յառաջիկայ շրջանին համար ան շեշտեց բարեփոխումներու տեւականացման ու մանաւանդ սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։ Երկրէ ներս միութեան ու միասնականութեան միջավայրի ամրապնդումն ալ անհրաժեշտ համարելով՝ Մեհտի Էքէր ընդգծեց, որ համապատասխան ակնկալութիւններով եւ աշխատանքային եռանդով կը սպասեն յառաջիկայ ընտրութիւններուն։
Ի լրումն այս բոլորին, Մեհտի Էքէր Պատրիարքարանի մէջ յայտնեց, որ զրոյցի ընթացքին իր նկատառման յանձնուած համայնքային խնդիրները պիտի փոխանցէ պատկան պաշտօնատարներուն կամ մարմիններուն։