ԹԱՐԳ­ՄԱՆ­ՉԱՑ ՏՕ­ՆԻՆ ԱՌ­ԹԻՒ Տ. ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ ԱՅ­ՑԵ­ԼԵՑ ԳԱ­ՐԱ­ԿԷՕ­ԶԵԱՆ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, երէկ Գարակէօզեան Տան մէջ հիւրընկալուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչաց կազմին հետ ունեցաւ հաճելի հանդիպում մը։ Ան մտերմիկ ոճով խօսեցաւ նիւթ ունենալով շարականները՝ երեք անջատ նիստերով:

Առաջին նիստին մաս կը կազմէին առաջին եւ երկրորդ դասարանի սաները: Հայր սուրբը սրտամօտիկ արտայայտութիւններով եւ շեշտելով Գիրերու գիւտին կարեւորութիւնը՝ ամենայն պարզութեամբ բնութագրեց օրուան նիւթը:

Երկորդ նիստին մասնակցեցան երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի աշակերտները։ Հայր սուրբը նոյն ոճով եւ ներդաշնակութեամբ նկարագրեց շարականներու կապուած հետաքրքրական գիտելիքներ, իսկ այս նիստին՝ ջանաց իւրացնել Ներսէս Շնորհալիի «Յիշեսցուք ի գիշերի» շարականի իմաստը եւ սորվեցուց անոր մեղեդին:

Երրորդ նիստին ներկայ գտնուեցան միջնակարգի աշակերտները: Հայր սուրբը այս անգամ նախկին նիստերուն աւելցնելով օղակ մը եւ քիչ մըն ալ ըստ մակարդակի յարմարութեան խորանալով՝ ջանաց պարզել շարականները: Վերջին նիստին ալ աշակերտներուն գործօն մասնակցութեամբ փորձեցին երգել Թարգմանչաց տօնի ձօնուած՝ «Որք զարդարեցին» շարականը:

Հայր սուրբը նկատի ունենալով տարիքի մակարդակները, պաստառի ցուցադրութիւն ալ օգտագործելով՝ բացայայտիչ տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր նիստի մասնակիցներուն:

Աշակերտները ամէն մէկ նիստին սկզիբը երգելով «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Խորհուրդ խորին» հոգեւոր երգերը՝ գոյն բերին օրուան յայտագրին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018