ԵՆԻԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Քարամանը եւ գործակից ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց ծաւալած գործունէութեան մասին։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի նշուի եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, թաղականները փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութիւնը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017