ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Այդ մէկը Խորհրդակցական մարմնի 2018 թուականի վերջին նիստն էր։ Բացման աղօթքէն եւ նորին սրբազնութեան ողջոյնի խօսքէն վերջ կատարուեցաւ ներկայ տարուան ընդհանուր արժեւորումը։ Խորհրդակցական մարմնի անդամները ընդհանուր փոխանորդի նկատառման յանձնեցին ներկայ տարուան վերաբերեալ իրենց դիտարկումները եւ համայնքի հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ դիրքորոշումը։ Բոլորն ալ էական համարեցին, որ Պատրիարքական Աթոռը մեր համայնքէ ներս մնայ համախմբող կեդրոն մը, իր հովանին տարածէ անխտիր բոլոր հաստատութիւններուն եւ մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն վրայ եւ այդպէսով բերէ իր նպաստը ընդհանուր զօրակցութեան եւ ներդաշնակ համագործակցութեան մը ձեւաւորման մթնոլորտին։ Նկատի ունենալով թրքահայութեան դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները՝ Խորհրդակցական մարմնի անդամները մեծ կարեւորութիւն ընծայեցին այս հանգամանքներուն նկատմամբ եւ ընդգծեցին, որ բոլոր խնդիրներու պարագային Պատրիարքական Աթոռը հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը պէտք է ունենայ։

Խորհրդակցական մարմնի անդամները հերթական անգամ համայնքի ընդհանուր հարցերու շարքին առանձնացուցին առկախեալ համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրները։ Անոնք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ուշադրութեան յանձնեցին, որ նպատակայարմար պիտի ըլլայ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ գործնական քայլերու առնուիլը, առանց վհատելու։ Նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց, որ համամիտ է ու միշտ պատրաստակամ՝ այս կենսական հարցի լուծման ուղղութեամբ քայլեր առնելու։ Ժողովականներուն միջեւ փոխադարձ ըմբռնում գոյացաւ՝ յառաջիկայ տարեմուտին այս հարցին շուրջ գործնական նոր քայլերու ձեռնարկելու կապակցութեամբ։

Խորհրդակցական մարմինը ուշադրութեան առարկայ դարձուց նաեւ իսթանպուլահայ սանուց միութիւններու կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Բոլորը նշեցին, որ սանուց միութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին՝ մեր նոր սերունդը համայնքային կեանքին ներգրաւելու տեսակէտէ։ Ժողովականները կարծիքներ յայտնեցին սանուց միութիւններու տարած աշխատանքի կատարելագործման եւ ընդհանուր արդիւնքի բարելաւման խնդիրներուն շուրջ։ Ժողովականներէն ոմանք ցաւով յիշեցուցին, որ մեր սանուց միութիւններէն ներս ատեն-ատեն կը ծագին նաեւ խնդրայարոյց երեւոյթներ, որոնք պէտք է կանխուին շինիչ թելադրութիւններով։ Իր կարգին, ընդհանուր փոխանորդն ալ շեշտեց, որ Պատրիարքական Աթոռը մեր երիտասարդութեան վերաբերեալ ամէն ինչ կը նկատէ առաջնահերթութիւն ու կը ջանայ ապահովել, որ մեր համայնքին կողմէ նոր սերունդին համար ի սպաս դրուած կարելիութիւնները հնարաւորինս աւելնան, բազմապատկուին։

Խորհրդակցական մարմնի ժողովի աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ՝ մասնաւորապէս կարեւորելով մեր համայնքէն ներս համագործակցութեան ոգիի ամրապնդումը։ Խորհրդակցութիւնը աւարտին հասաւ նորին սրբազնութեան աղօթքով։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018