ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թէ՛ ծնողաց միութիւնը եւ թէ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբը բծախնդիր պատրաստութիւններ տեսած էին եւ այդ ամբողջ աշխատանքը արդարացաւ քէրմէսի արժանացած վառ հետաքրքրութիւնով։

Քէրմէսի բացումին աղօթք մը արտասանեց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։ Ներկայ էին նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Յաջողութեան մաղթանքներով սկսաւ այս յատկանշական օրը, որու ընթացքին թաղեցիներ եւ այլ թաղերէ փութացած համակիրներ գնումներով աջակցեցան Մէրամէթճեան վարժարանին։

Ֆէրիգիւղի վարժարանի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն հետեւեալ անունները.

Այլին Սանդալու (ատենապետուհի), Լենա Ատըկիւզէլ, Նաթալի Օքթայ, Իլտա Աշճը, Հայրիյէ Փէք, Դալար Տոլար, Լետա Խրիմեան, Տէօնիզ Թաշհան, Մելիսա Պոստան, Աննա Սարըօղլու, Շիլա Մինաս, Սիլվա Քըսալըմ, Ժանէթ Արծիւեան, Գարօլին Քեպապճը, Սիրանոյշ Քեշիշօղլու, Լեռնա Էօրտէքօղլու, Ծաղիկ Տեմիրճիօղլու, Զիւպէյտէ Կէօղճէ, Էլիզ Ահճը, Այբերի Փէքսեզէր, Լոռա Օքթայ եւ Օլինքա Հատտէլէր։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2018