ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով Նորին Սրբութեան շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը երկար շրջան մը թափուր մնալէ եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, ահա այսօր Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՚ունենայ իր նոր պատրիարքը, վերանորոգ նուիրումով շարունակելու համար պատրիարքութեան դարաւոր առաքելութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Մենք անձնապէս եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակած ենք Ձեր նախորդներուն՝ երջանկայիշատակ Գարեգին եւ Մեսրոպ Պատրիարքներուն հետ: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուի Պատրիարքութեան կեանքին մէջ եւ մեր երկու Նուիրապետական Աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութիւնը շարունակուի»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց նորընտիր պատրիարքին։ Նախարարը Նորին Ամենապատուութեան մաղթեց քաջառողջութիւն, ուժ եւ կորով իր կարեւոր առաքելութեան մէջ։ «Համոզուած եմ, թէ ստանձնելով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նուիրապետական Աթոռի գահակալութիւնը՝ դուք ջանք ու եռանդ չէք խնայեր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման եւ համայնքի համախմբման ուղղութեամբ», նշուած է Մնացականեանի շնորհաւորականին մէջ։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շնորհաւորեց նորընտիր պատրիարքը, որուն մաղթեց յաջողութիւն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2019