ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԸ

Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գարակէօզեանցիներու տարեկան աւանդական հաւաքը։ Հաստատութեան սաները շաբաթ առաւօտ նախ համախմբուեցան Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, ուր ոգեկոչուեցաւ դպրոցի հիմնադիրը՝ բարեյիշատակ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան։ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ գլխաւորութեամբ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի։

Աւելի վերջ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքի ծրագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի համալիրէն ներս։ Ներկայ էին Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմը, յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։ Տէր հօր կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ, դպրոցէն ներս գարակէօզեանցիները համտեսեցին իրենց աւանդական լուբիան։ Աւելի վերջ անոնք անցան «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցը, որու երդիքին տակ յուշանուէրներ յանձնուեցան յոբելեար շրջանաւարտներուն։ Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ Արթիւր Պաղտասարեանն ալ ծափահարութիւններու արժանացաւ մեներգներով։

Հուսկ գարակէօզեանցիները ապրեցան զիրար վերագտնելու եւ իրենց դպրոցէն ներս համախմբուելու ուրախութիւնը՝ այժմէն ժամադրուելով գալ տարուան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019