«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ»Ը ՆՈՐՈՎԻ

Յայտնի պարուսոյց Ժուլիա Մութլուի կողմէ գլխաւորուած պարախումբի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը երէկ երեկոյեան կրկնուեցաւ՝ արժանանալով գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս ծրագիրը կեանքի կոչուած է Ժուլիա Մութլուի մականին ներքեւ եւ Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ։ Միջոց մը առաջ առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած էր Պաքըրգիւղի մէջ՝ արժանանալով գեղարուեստասէր շրջանակներու բարձր գնահատանքին։ Երէկ երեկոյեան ալ «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը կրկնուեցաւ Շիշլիի մէջ, «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ձեռնարկը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Առլէթ Ինճիտիւզէնի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ներկայացումը եւ յայտագիրը գործադրուեցաւ իսկապէս փայլուն յաջողութեամբ։ Հայկական պատմական գաւառներու աւանդութիւնները վերակենդանացան բեմին վրայ։

Ձեռնարկի աւարտին գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Յուշանուէրներ յանձնուեցան Ժուլիա Մութլուին եւ այլ անուններու, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս ձեռնարկին։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020