ԾՈՒՂԱԿԻ ՄԷՋ ՉԻՅՆԱՆՔ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ մեր համայնքը պէտք է դաս քաղէ Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններէն եւ համայնքի անդամները պէտք չէ իրարու դէմ տրամադրուին հաշուեյարդարի համար։ «Ծուղակի մէջ չիյնանք», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուած մասնաւոր յայտարարութեան մէջ։

Մեկնաբանելով Պատրիարքական Աթոռին շուրջ վերջին օրերուն ապրուած իրադարձութիւնները՝ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ այսօր մօտաւոր անցեալին բաղդատմամբ յարաբերաբար աւելի նպաստաւոր գետին մը ստեղծուած է Պատրիարքարանի շուրջ համախմբուելու եւ այդ հիման վրայ խնդիրներու լուծման ձեռնամուխ ըլլալու տեսակէտէ։ Ընթացակարգային բարդութիւններէ եւ այլ բազմաթիւ սուր հակասութիւններէ վերջ, Կրօնական ժողովի վերջին որոշումներով Պատրիարքական Աթոռի պարագային թէ՛ աւելի օրինական եւ թէ աւելի տրամաբանական ղեկավարման դրութիւն մը վերահաստատուած է։ Իր խօսքերով՝ այս նոր իրավիճակին մէջ պէտք է հնարաւորինս յաղթահարուին լարուածութիւնները եւ համայնքի բոլոր շրջանակները, բոլոր խաւերը ճիգ պէտք է գործադրեն՝ յառաջիկային ներքին իմաստով շատ աւելի ներդաշնակ եւ համախումբ միջավայր մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ «Ոեւէ մէկը ի վիճակի չէ լուծումներու համար առանձին կախարդական դեղագիրներ առաջադրելու», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ընդգծեց, որ այլեւս պէտք է վերջ տրուին քաշքշուքներուն, գզուըռտուքներուն։ Արդարեւ, այս նոր շրջանը շատ աւելի լուրջ պատասխանատուութիւններ կ՚ենթադրէ թէ՛ մեր Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ համայնքին տեսակէտէ։ Այս պահու դրութեամբ յայտնի է բոլոր գործօններուն դիրքորոշումը եւ այդ հիման վրայ գտնուած է լուծում մը։ Այդ լուծումը թէեւ միջանկեալ է, սակայն յայտնի չէ, թէ այդ միջանկեալ ժամանակաշրջանը որքա՛ն պիտի շարունակուի։ «Իմ կանխատեսումս այն է, որ դժուար թէ կարենանք նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը իրականացնել՝ նախքան Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումը։ Սա իմ տեսակէտս է, իմ անձնական համոզումս է՝ այս վերջին շրջաններու բոլոր անցուդարձերու լոյսին տակ։ Ուրիշներ կրնան ունենալ այլ մօտեցումներ։ Ես բոլորի մօտեցումին եւ գաղափարին նկատմամբ յարգանք ունիմ։ Ի վերջոյ մենք՝ որպէս համայնք պէտք է յառաջ շարժինք հաշուի առնելով ամէն տեսակ վարկած եւ հաւանականութիւն», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ընդգծեց միասնաբար աշխատանք տանելու, միասնաբար դրական նպատակներու վրայ կեդրոնանալու հրամայականը։ 

Յայտարարութիւններուն տեւողութեան Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ մեր համայնքը ներկայիս կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ։ Ներկայ խնդիրները, համայնքային կեանքէ ներս անոնց յառաջացուցած բարդութիւնները կրնան երկարաժամկէտ հետք մը թողուլ թրքահայ հաւաքական կեանքէն ներս։ Ուստի, այդպիսի հետեւանքները կանխելու համար մեր համայնքը, մասնաւորապէս մեր հաստատութիւններու վարիչները պէտք է շատ աւելի հեռատես եւ պաղարիւն ընթացք մը որդեգրեն։ «Մէկ կողմէ մեր պետութեան հետ պէտք է ընթանանք համախոհ ձեւով, իսկ միւս կողմէ ներքին առումով պէտք է ըլլանք միակամ՝ որպէսզի այլեւս մեր համայնքը ժամանակ չմսխէ ու մենք կարելիութիւն ունենանք մեր ապագան պատրաստելու, մեր նոր սերունդին առջեւ նոր հորիզոններ բանալու», եզրափակեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018