ՃՀՓ-Ի ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ Պէշիկթաշի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Ռըզա Աքփոլատը, որուն կ՚ընկերանար մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ իր խորհրդականներէն է։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէշիկթաշի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մինաս Արսլան։

Տեսակցութեան ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց հիւրը եւ ընդգծեց, որ Պէշիկթաշ գաւառակի սահմաններէն ներս մեր համայնքը ունի զգալի ներկայութիւն՝ ինչպէս հաստատութիւններով, այնպէս ալ բնակիչներով։ Ան մատնանշեց, որ վերջին տարիներուն Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի եւ մեր համայնքին միջեւ ստեղծուած են դրական յարաբերութիւններ եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին այդ նախընթացները կը շարունակուին։

Իր կարգին, Ռըզա Աքփոլատն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ընդունելութեան համար։ Ան բացատրութիւններ տուաւ, որ ընտրուելու պարագային ինչ սկզբունքներով աշխատանք պիտի ծաւալէ։ Այս ամբողջին մէջ ՃՀՓ-ական թեկնածուն բացատրեց, որ կը նախատեսէ բոլորին հասնիլ առանց խտրականութեան։ Նորին սրբազնութիւնը եւ ՃՀՓ-ական թեկնածուն հանդիպման աւարտին փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019