Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակութեան տօնին առթիւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներուն մասնակցութեամբ կատարուած մեծահանդէս տօնակատարութեան ընթացքին պատարագեց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերուն կողմէ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ընթերցեց Ս. Ղեւոնդ Երէցի ճառը, ապա տուաւ օրուան քարոզը։ Հայր սուրբը խօսեցաւ Ս. Ղեւոնդ Երէցի ու անոր հաւատին մասին՝ խորհրդածութիւններ ընելով անոր ճառի բովանդակութեան լոյսին տակ։ Հայր սուրբը շեշտեց Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալու եւ այս պարագան դաւանելու կենսականութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ այս դաւանումը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է հոգեւորականի համար։ Ս. Ղեւոնդեան քահանաներ, հակառակ բոլոր ճնշումներու, հակառակ պատերազմի վախին, միշտ հաստատ մնացին Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալու իրենց ընթացքին մէջ։ Անոնք ըստ Տէրունական խօսքին, չվախցան մարմնի մահ պատճառող պայմաններէն։ Ամուր մնացին իրենց հաւատքին ու քահանայական ուխտերուն վրայ։ Ղեւոնդեանք գերբնական մարդիկ չէին, սակայն ապաւինելով Տիրոջ, հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ, գերբնական գործ տարին ու հակառակ անցնող աւելի քան 1570 տարիներուն՝ կը յիշատակուին, որպէս եկեղեցւոյ սուրբերը։ Հայր սուրբը անդրադառնալով նաեւ նախորդ շաբաթ պատահած ահռելի երկրաշարժին՝ ըսաւ, թէ ժողովուրդը պէտք ունի հոգեւորականին, անոր զօրակցութեան, անոր աղօթքին։ Ան հրաւիրեց բոլորը աղօթելու, ինչպէս նաեւ կարելին ընելու մեր ժողովուրդին համար։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նորին Ամենապատուութիւնը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանին, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանին, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանին եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեանին։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին աղօթքով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռի վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։