«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾ ՄԸ

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է «Կիւ­լի­զա­րի սեւ հար­սա­նի­քը» ա­նուն գիր­քը, ո­րու հե­ղի­նակն է Ար­մե­նու­հի Գե­ւո­նեան։ Աս­լը Թիւր­քէ­րի եւ Է­ճէ Էր­պա­յի կող­մէ թարգ­մանուած է այս գոր­ծը, որ կը ցո­լաց­նէ քիւրտ ցե­ղա­պե­տի մը կող­մէ ա­ռե­ւան­գուած հայ աղջ­կան մը իս­կա­կան պատ­մու­թիւ­նը։ 

Շուրջ 130 տա­րի ա­ռաջ Մու­շի եւ շրջա­կայ­քին ապ­րուած, սե­րուն­դէ սե­րունդ ա­ռաս­պել դար­ձած վա­ւե­րագ­րե­րով սե­րունդ­նե­րու սե­փա­կա­նու­թիւ­նը յի­շո­ղու­թեան մաս կազ­մած ե­ղե­լու­թեան մը կը վե­րա­բե­րի այս գոր­ծը։ 

Կիւ­լի­զա­րի իս­կա­կան պատ­մու­թիւ­նը 1946 թուա­կա­նին Փա­րի­զի մէջ գրի ա­ռաւ ա­նոր հա­րա­զատ դուստ­րը՝ Ար­մե­նու­հի Գե­ւո­նեան, որ որ­պէս ե­րաժշ­տա­բան անգ­նա­հա­տե­լի ար­ժէ­քով հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կա­տա­րած էր Մու­շի եւ շրջա­կայ­քի ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշտու­թեան մա­սին։ Փա­րի­զի մէջ հա­յե­րէ­նով լոյս ըն­ծա­յուած այդ գիր­քը ա­ւե­լի վերջ ֆրան­սե­րէ­նի թարգ­մա­նուե­ցաւ Կիւ­լի­զա­րի մտա­ւո­րա­կան եր­կու թոռ­նե­րուն՝ պատ­մա­բան Փրոֆ. Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեա­նի եւ հե­տա­զօ­տող Գե­ղամ Գե­ւո­նեա­նի կող­մէ։ Այս վեր­ջին­նե­րը ոչ միայն ի­րա­կա­նա­ցու­ցին գիր­քին թարգ­մա­նու­թիւ­նը, այլ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գոր­ծը հարս­տա­ցու­ցին ու ճո­խա­ցու­ցին շարք մը յօ­դուած­նե­րով՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան ու մշա­կու­թա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ։

Սփիւռ­քա­հա­յոց յի­շո­ղու­թեան մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ մը վե­րա­պա­հուած է Կիւ­լի­զա­րի խորհր­դան­շած կեր­պա­րին։ Այս ա­ռու­մով «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ այս գոր­ծին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կը նկա­տուի կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը, Ար­մե­նու­հի Գե­ւո­նեա­նի 2002 թուա­կա­նի մա­հէն (Փա­րիզ) վերջ։ 

«Կիւ­լի­զա­րի սեւ հար­սա­նի­քը» գիր­քին կող­քը ձե­ւա­ւո­րուած է Ա­րէտ Կը­ճը­րի կող­մէ։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015