ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ը. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին ու­ղեկ­ցու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­քէն­տէ­րօղ­լուի։ Այս առ­թիւ թեր­թիս լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թաշ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ, ո­րոնք հե­տաքրք­րուե­ցան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի պատ­մու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ Այս առ­թիւ Ա­րի Թաշ ման­րա­մասն պա­տաս­խան­ներ տուաւ տղոց հար­ցում­նե­րուն։ 

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ մե­զ հրա­ւի­րե­ցին ի­րենց կող­մէ նա­խա­տե­սուած գրա­կան-գե­ղա­րուես­տա­կան հան­դի­սու­թեան մը։ 

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015