ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի կազմակերպուեցան 7-րդ անգամ։ «Türk beyin takımı»ի մասնագիտական աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ծրագրին մասնակցեցան պոլսահայ տասներկու միջնակարգներէ ներկայացուցիչներ՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։ Գարակէօզեանի տիկնանց կազմն ալ խրախուսած էր այս ծրագիրը։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Թաթիա Մարաշլեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հիւրընկալ Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ։
«Türk beyin takımı»ի ընդհանուր տնօրէն Սերքան Եիւրէքլի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն բացատրութիւններ տուաւ խաղերու կանոններուն շուրջ։
Ապա նախատեսուած դասաւորումներուն մէջ մեր վարժարաններու ներկայացուցիչ տղաքը չափեցին իրենց գիտելիքները։ Նախ խմբային ձեւաչափով գործադրուեցաւ ծրագիրը, իսկ աւելի վերջ ապահովուած նիշերու հիման վրայ առաջին հինգ խումբերու աշակերտները անհատական մրցոյթի մը մասնակցեցան իրարու հետ։
Խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Գարակէօզեան, որուն յաջորդեցին Էսաեան եւ Սահակեան-Նունեան։
Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Արիս Նշան (Էսաեան), որուն յաջորդեցին Գարօլին Չաղլը (Գալֆաեան) եւ Դաւիթ Թանէր Թուրկայ (Սահակեան-Նունեան)։
Մտախաղերու աւարտին Արուսեակ Մոնէ շնորհակալագրեր յանձնեց Գարակէօզեան Տան տիկնանց յանձնախումբէն Հիլտա Վոլքանին եւ Սերքան Եիւրէքլիին։