ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապին առթիւ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ հոգեւոր հայրերուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան եւ այլ դպիրներ։ Հանդիսադիր Հայր Սուրբը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցաւ նաեւ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ հոգելոյս երէցներէն Եղիա Քհնյ. Շուշանեանի երէցկինը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ հոգեճաշ մը։ Գուզկունճուքի մէջ Մեծ պահոց ներկայ շրջանին սարքուած սիրոյ սեղաններուն բնորոշ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին սեղանը օրհնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։