ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Շիշ­լիի Լա­տին Կա­թո­լիկ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցաւ հայ նշա­նա­ւոր ֆե­մի­նիստ­նե­րէն Սրբու­հի Տիւ­սաբ, որ կը հա­մա­րուի մեր կա­նանց շարժ­ման ռահ­վի­րա­նե­րէն։ Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան յա­ջոր­դած շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ իր ո­գե­կո­չու­մը։ Այս առ­թիւ գե­րեզ­մա­նա­տան մատ­րան մէջ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Զա­ւէն Ա­կա­յի։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ խօ­սե­ցաւ նաեւ քա­րոզ մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց ի­գա­կան սե­ռին դե­րը ու կանգ ա­ռաւ Սրբու­հի Տիւ­սա­բի կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին թա­փօր մը կազ­մուե­ցաւ գե­րեզ­մա­նա­տան մա­տու­ռէն դէ­պի Սրբու­հի Տիւ­սա­բի շի­րի­մը, ուր կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016