ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

«Ատալէթ» կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ փրոֆ. տքթ. Վեճտէթ Էօզի գլխաւորութեամբ՝ կուսակցականներու պատուիրակութիւն մը, 10 մարտ, երեքշաբթի, յետմիջօրէին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կուսակցութեան Կեդրոնական վարչական խորհուրդի անդամները, որոնցմէ եօթը՝ փոխ-նախագահներ էին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ կուսակցութեան Իսթանպուլի եւ Ֆաթիհի շրջանային վարչութենէն անդամներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերը ընդունեց Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց փափկավարական այցելութեան համար։ Կուսակցութեան ընդհանուր նախագահ փրոֆ. տքթ. Էօզ եւ իր հետեւորդները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեցին։

Թէ՛ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ թէ փրոֆ. տքթ. Էօզ իրենց խօսքերուն մէջ ընդգծեցին մարդու իրաւունքներու, արդարութեան, խղճի ազատութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը։ Փրոֆ. տքթ. Էօզ անդրադարձաւ, թէ ժողովուրդներ զիրար ճանչնալով, իրարու միջեւ փոխյարաբերութիւնները զարգացնելով կրնան ժխտականը փոխել դրականի։ Հայրենակիցներու խաղաղ համակեցութեան նախապայմանն է յարգել՝ սահմանադրութեամբ նուիրագործուած մարդու իրաւունքները ու զանոնք առանց խտրութեան կիրարկել բոլորին, արդարութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

Հանդիպման աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2020