ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵՀԽ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) համամիութենական ու համագործակցութեան յանձնախումբի անդամները։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանի միջեկեղեցական բաժնի պատասխանատու Էմմանուէլ Մետրապոլիտին կողմէ կը գլխաւորուէր հիւր խումբը, որ ներկայացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Պատրիարքարանի միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Հարկ է նշել, որ Ժընեւի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 11-րդ ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին վերակազմուեցաւ այն յանձնախումբը, որ երէկ իր ամբողջական կազմով ներկայացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Վերակազմուած յանձնախումբը այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ եւ իր կեցութեան շրջանակին մէջ փութաց Գումգաբու։ Խումբը Իսթանպուլի մէջ կը գտնուի՝ որպէս հիւրը Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Քառօրեայ կեցութեան ծիրէն ներս ԵՀԽ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Այս յանձնախումբը կը բաղկանայ եօթ ուղղափառ եւ եօթ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան զրոյցին ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով։ Ան յանձնախումբի անդամներուն հետ զրուցելու ընթացքին հետաքրքրուեցաւ՝ ապագայ գործունէութեան վերաբերեալ անոնց մտահորիզոնով։ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի տեւողութեան ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Հուսկ, Էմմանուէլ Մետրապոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը յուշանուէր մըն ալ յանձնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։