ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ Կ՚ԸԼԼԱՅ «ՆՈՐԱԾԱԳՈՒՄ»Ի
Շիշլի մարզակումբը նախապատրաստական աշխատութիւններու ձեռնարկած է կեանքի կոչելու համար «Նորածագում» խորագրեալ ծրագրի մը, որով կը նախատեսուի կազմակերպել սիրոյ սեղան մը եւ ստեղծել զօրակցութեան մթնոլորտ։ 1946 թուականին հիմնուած այս մարզակումբը յառաջիկայ տարի պիտի թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը, որուն ընդառաջ կը ձգտի ամրապնդել իր գործած ենթագետինը։ Մասնաւորապէս վոլէյպոլի, պասքէթպոլի եւ ճատրակի մէջ կայուն թափով գործունէութիւն ծաւալած Շիշլի մարզակումբը միշտ իր նպաստը բերած է նաեւ երիտասարդութեան ընկերային, մշակութային եւ անհատական զարգացման։
Մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք եւ իր ընկերները վերջին շրջաններուն բազմակողմանի աշխատանք կը տանին, որպէսզի մէկ կողմէ չկաղան ակումբի ընթացիկ գործերը, իսկ միւս կողմէ իրականացուի ընդհանուր վերակազմակերպչական աշխատանք մը։
Այս բոլորի լոյսին տակ այնպիսի հանգրուան մը եկած է, որ յաջորդ փուլերու խաղաղ տեւականացումը երաշխաւորելու տեսակէտէ նոր նիւթական միջոցներ ճարելու անհրաժեշտութիւնը դարձած է զգալի։ Շիշլիցիները կը ձգտին այդ միջոցները ապահովել շնորհիւ համայնքին զօրակցութեան եւ այս նպատակով ստեղծուած է նաեւ կարգադիր յանձնախումբ մը։
Երէկ երեկոյեան, Շիշլի մարզակումբին մէջ այս կարգադիր յանձնախումբը ներկայացուեցաւ պաշտօնապէս։ Ալէն Թէքպըչաքի ներկայութեամբ կարգադիր յանձնախումբի անդամները անդրադարձան իրենց մտադրութիւններուն ու մանաւանդ շեշտեցին, թէ բազմակողմանի ջանքեր ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի համայնքային շրջանակներէ ներս զօրակոչ մը ստեղծուի՝ Շիշլի մարզակումբին տեսակէտէ այս եզակի հանգրուանին։
Շիշլի մարզակումբի «Նորածագում»ի կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ Նաժտա Շատեան։ Կազմին մէջ կը գտնուին Տիգրան Տիւլկէրեան, Ժիլպէռ Ճինճիօղլու, Մելոտի Էօզէր, Ժպիտ Տարչըն, Հերման Անթիլ, Տիանա Ալթուն, Սեւան Գըլըճեան, Շահնուր Գազանճը, Նորայր Իշլէր, Երուանդ Սէմէրճեան, Ռուտի Պէրպէրօղլու եւ Նուրհան Չէթինգայա։ Ի պաշտօնէ կազմին միացած է նաեւ Ալէն Թէքպըչաք։
Ըստ երէկ հրապարակուած ծրագրին, շիշլիցիներուն սիրոյ սեղանը Մայիսի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի մէջ։