ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՀԵՏ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ։ Դահլիճի երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անձնակազմի անդամները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհաւորութիւններ յղեցին Ս. Զատկի տօնին առթիւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց անձնակազմին հետ հաւաքաբար մէկտեղուելու առիթին կապակցութեամբ, հակառակ, որ տակաւին վերջնականօրէն չէ յաղթահարուած համավարակը, կան այլ դժուարութիւններ եւ Աւագ շաբթուայ օրերու խտացեալ ծրագիրը ընթացքի մէջ է։ Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ անձնակազմին կողմէ կատարուած գործունէութեան շուրջ՝ շեշտելով, որ այդ ծառայութիւնները կ՚ապահովեն աւելի քան 560-ամեայ սրբազան հաստատութեան առաքելութեան յարատեւութիւնը։ Զանազան ժամանակներու մէջ թէեւ կը յառաջանան մարտահրաւէրներ, սակայն, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ Պատրիարքական Աթոռի դարաւոր ուղեւորութիւնը կը շարունակուի։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի յառաջիկայ շրջանը ըլլայ երջանկաբեր թէ՛ մեր համայնքին տեսակէտէ եւ թէ իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 14, 2022