ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՅՑ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լուն, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նա­յին դպրո­ցի լե­զուի բաժ­նին հե­տե­ւող ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։ Այս խում­բը փու­թա­ցած էր խմբագ­րու­թեանս փո­խան­ցե­լու հա­մար շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­նա­լիք է­սաեան­ցի­նե­րու օ­րուան հրա­ւէրը։

Ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի տղա­քը, ե­րի­տա­սար­դա­կան ամ­բողջ ե­ռան­դով, մե­զի պատ­մե­ցին, թէ ինչ­պէս կը նա­խա­պատ­րաս­տուին հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րուն եւ ինչ ծրագ­րեր ու­նին ա­պա­գա­յի հա­մար։ Ող­ջու­նե­լի ե­րե­ւոյթ էր, որ ա­նոնք զա­նա­զան ի­տէ­լա­ներ ու­նե­նա­լով հան­դերձ, իւ­րա­ցու­ցած էին նաեւ գի­տակ­ցու­թիւն՝ հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու եւ ժա­ռան­գու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­­նե­լու ճա­նա­պար­հին։  

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015