ԵՆԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Վարժապետեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։
Ենիգիւղի թաղականները Գումգաբու այցելեցին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ՝ խնդրելու համար Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Նորին Սրբազնութեան հետ զրուցելու ընթացքին անոնք անդրադարձան թաղային խորհուրդի գործունէութիւններուն եւ այդ ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կանգ առին եկեղեցապատկան կալուածներուն վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ։ Ընդհանուր Փոխանորդը օրհնեց Ենիգիւղի ընտանիքին կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը նախատեսուած է Յունիսի 12-ին։