«ՀԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՁԱՅՆԵՐԸ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ

Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու միութեան նախաձեռնութեամբ, նախընթաց երեկոյեան, «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաճելի համերգ մը։ «Հին Իսթանպուլի ձայները» երգչախումբը այս առթիւ հանդէս եկաւ թրքական երաժշտութեան հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններու կատարումներով։ Այս երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Հռիփսիմէ Քարափեքմէզ, իսկ խմբավարը՝ Լեւոն Թորոսեան։ Երկոյթին մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆերտինանտ Աւետիք։

Երգչախումբն ու նուագախումբը գործադրեցին հաճելի յայտագիր մը, որու ունկնդրութիւնը իսկապէս եզակի առիթ մըն էր ներկայ երաժշտասէրներուն տեսակէտէ։ Յայտագրի տեւողութեան բեմ առաւ նաեւ երգիչ Ժերի Խրիմեան։

Երեկոյթը աւարտին հասաւ նախաձեռնարկ միութեան վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Քոչաքի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի խօսքերով։

Երեքշաբթի, Մայիս 14, 2019