ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՂՂԵՑ ՖՈՒԱԹ ՕՔԹԱՅԻՆ

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ «Gerçek Hayat» պարբերաթերթի վերջին հրատարակութիւններով յառաջացած անհանգստութիւններու խնդիրը։ Այսպէս, պատգամաւորը Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութեան հիման վրայ հարցում մը ուղղեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթային՝ պահանջելով անոր գրաւոր պատասխանը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Աթոռը վերջին օրերուն գրաւոր յայտարարութիւնով մը հակազդած էր յիշեալ պարբերաթերթի հրատարակութիւներուն դէմ, որոնց մէջ պնդումներ կային նախկին պատրիարքներու եւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան յարաբերութիւններուն մասին։ Պատրիարքարանը այդ բոլորը վիրաւորական համարած էր՝ նախկին գահակալներու յիշատակին տեսակէտէ։

Երեսփոխան Կարօ Փայլան Ֆուաթ Օքթային հասցէագրուած հարցադրման մէջ մատնանշած է, որ «Gerçek Hayat» պարբերականը կը պատկանի «Ալպայրաք» մետիայի խմբակին ու կը դասուի իշխանամէտ մամլոյ ճամբարին մէջ։ Այդ պարբերաթերթը ՖԵԹԷՕ-ի յատուկ թողարկման մէջ թիրախաւորած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները՝ ատելութեան խօսոյթով։ Անհիմն պնդումներ հասցէագրուած են Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալներէն Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանին, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին, Հրէից րաբունապետ Ռաւ Իսհակ Հալեւային եւ այլ կարգ մը հոգեւոր առաջնորդներու, որոնք որակուած են՝ որպէս ՖԵԹԷՕ-ի յենարաններ։ Նոյն պարբերաթերթը պնդած է, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հայրը հայ, մայրը հրեայ է։ Անոր գործունէութիւնը մատուցուած է՝ իբրեւ ճնշուած ծինային կողմերու դրսեւորումը։ Կարօ Փայլան այս բոլորը թուարկած է որպէս օրինակ՝ նիւթի բովանդակած ատելութեան խօսոյթին տեսակէտէ։ Պատգամաւորը շեշտած է նաեւ, որ այս պարբերաթերթը վանած է փոքրամասնութիւններու ինքնութիւնները եւ զանոնք թիրախ ցոյց տալով մտահոգութեան եւ հակազդեցութեան տեղի տուած է՝ Թուրքիոյ հայերու, յոյներու եւ հրեաներու մօտ։

Այս բոլորի լոյսին տակ Կարօ Փայլան շարք մը հարցումներ հասցէագրած է Ֆուաթ Օքթայի նկատառման։ Առաջին առթիւ ան հարց տուած է, որ «Gerçek Hayat» պարբերականի կողմէ մեր երկրի փոքրամասնութեան ատելութեան խօսոյթով թիրախաւորուիլը իշխանութեան գիտակցութեա՞ն ներքեւ կատարուած է։ Երկրորդ՝ ան շեշտած է, որ Հանրապետութեան նախագահն ու իշխանամէտ մամուլը յաճախակիօրէն կ՚օգտագործեն ատելութեան խօսոյթ։ Սա միթէ չի՞ կրնար պատճառ դառնալ ատելութեան հիմքով նոր յանցագործութիւններու հրահրման. օրինակ՝ Հրանդ Տինքի եւ Հայր Սանթորոյի դէմ մահափորձները, «Զիրվէ» հրատարակչութեան վրայ կատարուած յարձակումը։ Երեսփոխան Կարօ Փայլանի միւս հարցումները բանաձեւուած են՝ առաւել չափով իր դիտարկումներուն եւ համոզումներուն հիման վրայ։ Ըստ իրեն, յիշեալ պարբերաթերթը փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը մեղադրէ «Կիւլէնի համայնք»ի գործունէութիւններուն մասնակցելով։ Փայլան հարց կու տայ, թէ միթէ իշխանութեան բոլոր անդամները չէի՞ն մասնակցեր այդ գործունէութիւններուն։ Բաց աստի, Կարօ Փայլան հարց տուած է, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի այսօր՝ իբրեւ հայ յորջորջուիլը չի նշանակեր ցեղապաշտութիւն եւ անբարոյականութիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020