ՆԱՐՕՏ ԴԱԼԱՐ ԱԿՕՇԵԱՆ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ ԴԱՇՆԱՄՈՒՐԻ ՃԻՒՂԻՆ ՄԷՋ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Նա­րօտ Դա­լար Ա­կօ­շեան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է «Մի­մար Սի­նան» գե­ղա­րուես­տից հա­մալ­սա­րա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցը՝ վկա­յուե­լով կի­սա­ժա­մա­նակ դաշ­նա­մու­րի բաժ­նէն։

Նա­րօտ Դա­լար Ա­կօ­շեան, որ կ՚ան­դա­մակ­ցի Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին, ծնած է 1999-ին Իս­թան­պու­լի մէջ։ Նա­խակր­թա­րա­նի տա­րի­նե­րուն յա­ճա­խած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը։ Ի­րա­ւունք շա­հած է ա­ռաջ­նու­թեամբ մուտք գոր­ծել Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նոց, ուր նոյ­նա­ժա­մա­նակ յա­ռաջ տա­րած է իր ու­սու­մը։ Ներ­կա­յիս Նա­րօտ Ա­կօ­շեան կը յա­ճա­խէ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան ու կը պատ­րաս­տուի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մտից քննու­թեան։ Ան դուստրն է Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Նա­րօտ Դա­լակ Ա­կօ­շեա­նը, ո­րուն կը մաղ­թենք նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2016