ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ 2015-2016 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ստեղծուած է ոգեւոր մթնոլորտ։ Շաբաթավերջին այս մթնոլորտին համահունչ դպրոցին մէջ կազմակերպուեցաւ երեկոյթ մը, որ նախատեսուած էր ամառնամուտը ողջունելու համար։ Ձեռնարկը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի վարժարանի այս տարուան եօթ շրջանաւարտները ստանան իրենց վկայականները եւ հրաժեշտ առնեն հանդիսաւոր պայմաններով։
Կիրակի երեկոյեան դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Բացօթեայ սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, յայտնի համայնքային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները ու համայնքային շրջանակներէն ծանօթ դէմքեր։ Միջոց մը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան։ Դպրոցի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուռնուռ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Երեկոյթի յայտագրին ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ եւ տնօրէն Գարեգին Պարսամեան եւ Ռիթա Նուռնուռ։ Երաժշտական կատարումներով ծափողջոյններու արժանացան Աչելիա Սթերիատիս եւ Ալեքս Թաթարեան։ Ծափահարութիւններու ներքեւ իրենց վկայականները ստացան դպրոցի այս տարուան եօթ շրջանաւարտները։
Զէքիեան Գերապայծառի օրհնութեան խօսքով երեկոյթը հասաւ իր աւարտին։