ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Պատրիարքական Աթոռը վերջերս հանրութեան ուշադրութեան յանձնած էր, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրամանաւ ու օրհնութեամբ լոյս տեսած էր «Աստուածաշունչէն - Kitab-ı Mukaddes’ten - From The Holy Bible» գեղատիպ հատորը, որ ձօնուած էր Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակի յոբելեանին։

Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին եւ Սուրբ Էջմիածնի տօներուն յաջորդող բարեբաստիկ շրջանին աշխատութիւնը կ՚որակուէր՝ որպէս հայատառ Ս. Գիրքին մատուցուած ծառայութիւն։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համավարակի շրջանին կարելի չէր եղած աշխատութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնել եւ ակամայ յապաղում տեղի ունեցած էր։ Իսկ միւս կողմէ, սահմանափակումներու դրական նոր զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի դարձաւ կատարել շնորհահանդէս մը։

Նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ կազմակերպութեամբ Պոլսոյ Աթոռի հրատարակչական բաժանմունքին, շաբաթավերջին, յետմիջօրէին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքին շնորհահանէսը։ Հանդիսութեան ներկայ եղան Աթոռի միաբանները, Կրօնական ժողովի անդամները, ժառանգաւոր սաներն ու Արմաշ դպրաց խումբի անդամները։ Բաց աստի, ներկայ էին Ս. Գրոց ընկերութեան տնօրէն Թամար Քարասու, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքով ու բարոյապէս օժանդակողներ։  

Դահլիճին կեդրոնը՝ գրակալի վրայ կը գտնուէր Ոսկանեան Աստուածաշունչէն օրինակ մը, որուն ներքեւ կանոնաւորապէս դիզուած էին նաեւ նորատիպ հատորէն օրինակներ։ Հանդիսութիւնը սկսաւ Պատրիարք Հօր արտասանած Տէրունական աղօթքով եւ բարեմաղթանքով։ Ապա, բարիգալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Հրատակչական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ան յայտնեց, թէ հայ մշակոյթի կարեւոր դէպքերէն ու հանգրուաններէն մին՝ Աստուածաշունչի առաջին հայերէն տպագրութեան յիշատակը պանծացնելու համար հաւաքուած են Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու ըսաւ. «Քանի Պատրիարքական Աթոռս ունի հրատարակչական բաժին մը ու կը փորձէ Ոսկանի արծարծած կրակը վառ պահել, չի կրնար անտես թողուլ այս հանգրուանը: Ուստի, զանազան գաղափարներու ընդմէջէն աւելի առինքնող դարձաւ մարմնաւորել այդ մէկը, որ այսօր ունինք մեր ձեռքին: Մեր հիմնական մերձեցումը այն եղաւ, թէ Ոսկանեան տպագրութեան աշխարհացրիւ սակաւ օրինակները անմատչելի են ընթերցողին եւ պէտք է հայ մշակութասէր ընթերցողը հաղորդ դարձնել մշակութային այս կոթողին»:

Յաջորդաբար, Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Ս. Գիրքի Հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին առթիւ հրապարակած կոնդակը, որ լոյս տեսած է նաեւ նորատիպ հատորին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետի տողերուն մէջ նշուած է Ս. Գիրքի տպագրական աշխատութիւնը հետեւեալ ձեւով. «Գիրքի, ուսման ու գիտութեան հանդէպ անսահման սէր ունեցող մեր ժողովուրդը ոչինչ խնայեց, որպէսզի տպագրութեան ճանապարհով լուսաւորութիւնը առաւել տարածուի մեր երկրին մէջ: Յատկապէս անհրաժեշտութիւն էր Սուրբ Գիրքի տպագրութիւնը, որու նպատակով Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Կաթողիկոսի կողմէ Եւրոպա առաքուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Ոսկան Երեւանցի վարդապետը: Լուսամիտ եկեղեցականը նիւթական շատ ծանր պայմաններու ու զրկանքներու մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ յաղթահարեց, օգնութիւն գտնելու ակնկալիքով այցելեց եւրոպական տարբեր քաղաքներ ու հայաշատ բնակավայրեր եւ անխոնջ ջանքերով 1666 թուականին Ամսթերտամի մէջ հրատարակեց հայերէն առաջին Աստուածաշունչը»:

Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրատարակչական բաժանմունքի վարիչ եւ հատորը պատրաստող Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանին։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ գիրքի մասին եւ անդրադարձաւ Ամենայն Հայոց Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի եւ Ոսկան Եպսկ. Երեւանցիի վաստակին՝ Ս. Գիրքի հայերէնով տպագրութեան ծիրէն ներս։ Հայր սուրբը պատմական ակնարկ մը նետեց ու յայտնեց, թէ առաջին տպագրուած հայերէն գիրքէն 154 տարի յետոյ հայերէն Ս. Գիրք կը տպուէր Ամսթերտամ քաղաքին մէջ։ Ամփոփիչ տեղեկութիւններ տալէ յետոյ հասաւ Ս. Գիրքի հայերէն տպագրութեան հանգրուանին ու Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած սուրբգրային հրատարակութիւններու թիւերը յիշեցուց։ Բաց աստի, Ոսկանեան Աստուածաշունչի մէջ լոյս տեսած նկարներու հեղինակին եւ անցեալին անդրադառնալով՝ յայտնեց, թէ աւելի քան 150 փորագրեալ նկարները ամենայն գեղեցկութեամբ նկարուած ու լոյս տեսած են տպագրեալ առաջին Աստուածաշունչին մէջ եւ ահա այդ նկարները Պոլսոյ Աթոռոյ ներդրումով դարեր յետոյ վերստին կ՚օգտագործուի յօգուտ Ս. Գիրքին։

Հայր սուրբը իր խօսքերուն մէջ նշեց նաեւ, թէ 300-ամեակին առթիւ, 50 տարիներ առաջ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի նախագահութեամբ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցած էին, որոնց շարքին այցելութիւն տրուած էր եկեղեցւոյ կից ննջող՝ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսին, որ ծանօթ է նաեւ «Հոգեւոր Տէր» անունով։ Այս հանգրուանին Ս. Գրոց ընկերութիւնը Պատրիարքարանին նուիրած էր Ոսկանեան Աստուածաշունչէն օրինակ մը, որ այդ Ս. Գիրքը այսօր տեղադրուած էր դահլիճի կեդրոնը։ Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին եւ Արուսեակ Սաֆա-Ճեմիլապատիին, որոնք անգլերէնի թարգմանութեանց եւ խմբագրութեան ներդրում բերած էին։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանին, արուեստագէտ Գրիգոր Սահակեանին, Պատրիարքարանի երիտասարդ աշխատողներէն Արիս Քարանֆիլին եւ Սարվէն Տանէին եւ բոլոր ներդրում ունեցողներուն։

Ատենախօսութիւններէ յետոյ Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արմաշ դպրաց խումբի անդամները երգեցին «Այսօր ժողովեալ սրբոց», «Կենդանարար Աստուած», «Որք զարդարեցին» եւ «Ուրախ լեր» շարականները։ Այս պահուն, Աթոռի Օրմանեան մատենադարանի տեսուչ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան հանգըս-տեան աղօթքով մի առ մի յիշատակեց Ոսկանեան Աստուածաշունչի յիշատակարանին մէջ նշուած բոլոր նուիրեալները՝ սկսեալ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսէն մինչեւ Ոսկան Վրդ. Երեւանցի եւ իր ծնողները։

Հանդիսութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը արտասանեց հուսկ բանքը եւ իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրին ու գիրքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ համավարակի շրջանին զգացուած մեծագոյն զրկանքն էր մշակութային հանդիսութիւններու ակամայ բացակայութիւնը։ Երկար ժամանակ յետոյ Պատրիարքարանի երդիքին տակ նման հանդիսութիւն կազմակերպելն ու հանրութեան ներկայանալը ուրախութիւն էր Աթոռոյ համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց, թէ Ս. Գիրքը այն եզակի գիրքն է, որուն այլափոխիչ զօրութիւնը պատմութեան ընթացքին տեսանելի եղած է ազգերու մէջ։ Ս. Գիրքի ազդեցութեամբ ձեւաւորուած են մշակոյթներ, որոնց շարքին է նաեւ հայ ժողովուրդը։ Ան Թարգմանչաց շարժումի եւ Ս. Գիրքի հայերէն տպագրութեան աշխատութիւններու միջեւ նմանողութիւնները ներկայացնելով ըսաւ. «Ս. Սահակ Հայրապետ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին վստահած էր հայկական այբուբենով Ս. Գիրքը թարգմանելու եւ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու աշխատութիւնը։ Այս աշխատութեան նպատակն էր Ս. Գիրքը աւելի հասկնալի դարձնել Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն։ Իսկ, 17-րդ դարուն, երբ Հայ Եկեղեցին կը դիմագրաւէ բազմաթիւ հարցեր, Յակոբ Ջուղայեցի Հայրապետը Ս. Գիրքի հասանելիութեան կարեւորութիւնը կը տեսնէ ժողողովուրդին մօտ եւ այս առթիւ Մայր Աթոռոյ միաբան Ոսկան Վրդ. Երեւանցիին կը վստահի տպագրութեան աշխատութիւններու հետեւելու եւ Ս. Գիրքը բազմացնելու պաշտօնը։ Հետեւաբար, զանազան դարերուն մեր եկեղեցւոյ հարցը եղած է Ս. Գիրքը ժողովուրդին ներկայացնել տարբեր ձեւերով ու մեթոտներով։ Պատրիարքութեան այս վերջին հրատարակութիւնը եւս կը միտի նոյն կամքը. Սուրբգրային նկարները վերահրատարակել, զանոնք առաւել եւս արդիականացնելով՝ յանձնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»։

Իբր այդ, Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ շեշտեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը յոբելենական հանգրուանը չէ զիջած ու Ս. Գիրքի Հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին ձօնուած աշխատութիւնը կը յանձնէ պատմութեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հրատարակչական յանձնախումբի անդամներուն, որոնք կը գլխաւորէ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, գիրքը պատրաստող Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանին եւ բարոյապէս իրենց ներդրումը բերողներուն։ Այս առթիւ յատուկ ձեւով ընդգծեց Ս. Գրոց ընկերութեան մեկենասութիւնը, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց Թամար Քարասուին։ Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արմաշ դպրաց խումբի անդամներուն եւ ներկայ մամլոյ սպասաւորներուն։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական աղօթքով։ Ապա, ներկաներ մի առ մի մօտեցան Պատրիարք Հօր եւ իրմէ ստացան գիրքի առաջին օրինակները։

Յիշեցնենք, որ համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ շնորհանդէսը կայացաւ սեղմ շրջանակի մէջ։ Իսկ երէկ, յետմիջօրէին Պատրիարքական Աթոռոի կայքէջէն եւ տեղեկատուական «Լրաբեր» էջէն հանդիսութիւնը ամբողջութեամբ սփռուեցաւ, որով շնորհանդէսին կատարելապէս հետեւելու առիթը ունեցան մեր ժողովուրդի զաւակները։

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021