«ՄԱՐԱԼ» ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ «ԳԱՅԻԱՆԷ» ՀԱՄՈՅԹԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ հիւրընկալել արժանթինահայ «Գայիանէ» պարային համոյթը։ Այսպէս, «Գայիանէ» համոյթը դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ճանապարհին այս շաբաթավերջին կարճ դադար մը պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։ Այդ կարճ դադարը առիթ պիտի հանդիսանայ «Մարալ»ի եւ «Գայիանէ»ի ղեկավարութեան եւ անդամներու ծանօթացման համար։ Արդարեւ, արժանթինահայ խումբը լսած է «Մարալ»ի համբաւին մասին եւ փափաքած՝ Իսթանպուլի մէջ կեցութեան առիթը ծառայեցնել փոխադարձ ծանօթութիւն հաստատելու եւ համագործակցութիւն մշակելու հնարաւորութիւններու մասին մտածելու։

«Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան մեզի տեղեկացուց, որ իրենց տեսակէտէ հաճելի պիտի ըլլայ արժանթինահայ խումբին հետ ծանօթանալը։ Յառաջիկայ երկուշաբթի երեկոյեան մարալցիները Էսաեան սանուց միութեան մէջ ընթրիք մը պիտի սարքեն «Գայիանէ»ի անդամներուն ի պատիւ։ Հիւր խումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Րաֆֆի Գրիգորեան, որ Հայաստանի Պարի պետական համոյթի նախկին տարրերէն մին է։

Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ երկու համոյթներու անդամները պիտի ընթրեն միասնաբար, փոխադարձաբար պիտի ներկայացնեն իրենց գործունէութեան պայմաններն ու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ կարծիքի փոխանակումներ պիտի ունենան համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ։

Անշուշտ, երկու համոյթներու տղաքը բաց պիտի չթողուն նաեւ իրարու հետ պարելու առիթը։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018